Լուրերու Արխիվ

 

Tasakhosoutioun

Դասախօսութիւն

Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, իր 2017 տարեշրջանի ծրագրին մէջ որոշեց դասախօսութեան շարք մը: Առաջինը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 13 Յունուար 2017-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս: Հրաւիրուած էր գիւղիս փորձառու հիւանդապահուհի Վիգի Հերկելեանը՝ նիւթ ունենալով «Յետ Վիրաբուժական Խնամք»: 

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Ընկհ. Սոնա Տուզմանեան, որ կենսագրութեան կարճ տեղեկութենէն ետք հրաւիրեց Օրդ. Վիգին:

Դասախօսուհին հանգրուան առ հանգրուան բացատրեց հիւանդին հոգեկան և Ֆիզիքական պատրաստուածութիւնը նախ քան վիրաբուժութիւն:

Ինչպէս նաեւ շեշտեց հիւանդին հարազատներուն հասկացողութիւնը հանդէպ պարագայի վիճակին:

Մեծ թիւով ներկաները հաղորդական էին դասախօսուհիին հետ: Հետաքրքրական էր հիւանդը անկողինի մէջ խնամելու գործնական ձեւերը: 

Հիւրասիրութեան ընթացքին եղան նաեւ հարցումներ որոնց տրուեցաւ յստակ բացատրութիւն:

Վարչութիւնը, յանձնախումբի ընկերուհիներն ու ներկաները բարեմաղթանքներով բաժնուեցան սրահէն: 

Tasakhosoutioun
d0506dd5-b692-46b6-bc46-6580f15240d9
ca3c0cff-a0d8-426e-a9a8-880720d77150
c2031b7c-d1a8-46ea-a11e-7d7fb68ab784
c574a532-b322-4965-a4ae-cdfb8b85953b
c6b4aa2a-d08d-4316-b2e2-fe920a8b7dc6
4725a95f-470d-401e-b645-b74ba6d1e4bc
37cecd3d-6e38-4520-ba8b-4976c65f22b3
9bf71b04-a9f3-4bbc-9822-82c61d46548b
7a9c05cd-5043-4b4e-b6bd-3918d8f4e4f8
5b29d700-67fa-426e-b4b9-e8ad856e1d15

?>