Լուրերու Արխիվ

 

kinetson

Գինեձօն

Հովանաւորութեամբ Այնճարի Քաղաքապետական խորհուրդին և կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի Մշակութային յանձնախումբին, Կիրակի, 26 Փետրուար 2017ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր-Գալուստեան» սրահին մէջ, մշակութասէր բազմութիւն մը ներկայ էր Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նորատիպ հատորի ՝ “Armenian Communities of the Northeastern Mediterranean Mousa Dagh- Dort Yol- Kessab” գինեձօնին:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկ. Վարանդ Տումանեան: Ան ըսաւ,«Պահը պատմական է, անոր համար որ մեր գիւղը կը հիւրընկալ է բծախնդիր պատմագէտ և հմուտ հայագէտ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ իր անզուգական և վաւերական գործերով իր կնիքը դրած է Հայ դատի աշխատանքներուն վրայ: Պատմական է նաեւ անոր համար որ մենք այսօր առիթը կ'ունենանք նոյնինքն մեծ պատմագէտին կողմէ մեկնաբանուած, ունկնդրելու մեր իսկ պատմութիւնը Մուսա Լերան, ինչպէս նաեւ Տէօրթ-Եոլի և Քեսապի:

Ապա Արտակ Կէօքճեան ասմունքեց Եդուարդ Պոյաճեանի «Ապստամբութիւն» քերթուածը:

Խօսք առաւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ ներկայացուց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, անդրադառնալով  անոր վաստակին, գիտական բերքին, մշակին, հաւաքականութեան մէջ անոր դերին եւ էութեան:

Դոկտ. Տագէսեան՝ խօսելով փրոֆ. Յովհաննէսեանի գիրքերուն մասին՝ ըսաւ, թէ անոր առաջին հրապարակումները ընդհանրական ներկայացումներ էին եւ կարծիքներ, թէ ինք ալ կը փորձէր աւելի՛ ծանօթանալ, աւելի՛ խորանալ, աւելի շփուիլ եւ շաղուիլ հայ իրականութեան հետ: Այս հրապարակումներէն ետք, ըստ դոկտ. Տագէսեանին, Յովհաննէսեան կ՛անցնի խնդրայարոյց նիւթի մը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է` 1918-1920: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան յանդուգն քայլերով իրապաշտօրէն ներկայացուցած է պատմական այս ժամանակաշրջանը, որմէ ետք, իր հետագայ հրապարակումներով ան անգլերէնով կը սկսի հայ եւ օտար զանգուածին, ինչպէս նաեւ գիտական միջավայրին ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հոլովոյթը: Դոկտ. Տագէսեան՝ շարունակելով ըսաւ, թէ Աստուած դոկտ. Յովհաննէսեանին տուած է ատաղձը, որմէ ինք օգտուեր ու մշակեր է զայն, սակայն այս ատաղձը իր մէջ ցանուած է իր ծնողքէն: Ան իր ատաղձն ու շնորհները հաւաքականութեան կը ծառայեցնէ:

Բեմ հրաւիրուեցաւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան և Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մսնճ.ի մշակութային յանձնախումբին  որոնք կազմակերպած էին սոյն ձեռնարկը եւ առիթ ընծայած, որ անգամ մը եւս ան ներկայ գտնուի Այնճար հայաւան: Փրոֆ. Յովհաննէսեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց, իր ընտանիքը Ցեղասպանութեան ընթացքին ինչպէ՛ս հասած է Ամերիկա եւ ինք հոն ծնած: Ան անդրադարձաւ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս 20 տարեկանին մէկ տարեշրջան յաճախած է «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան հայերէն սորվելու համար: Փրոֆ. Յովհաննէսեան անդրադարձաւ 1999-էն սկսեալ UCLA-ի մէջ կազմակերպած 14 միջազգային գիտաժողովներուն, որոնք նուիրուած էին Օսմանեան կայսրութեան հայկական շրջաններուն, որոնց վերջին կամ նորագոյն հրապարակումն էր սոյն ձեռնարկին ներկայացուած գիրքը, որ կը պատմէ ամէնէն ծայրամասը գտնուող հայկական շրջաններուն՝ Մուսա լերան, Տէօրթ Եոլի, (Չորք Մարզպան) եւ Քեսապի մասին

Փրոֆ. Յովհաննէսեան սահիկներու միջոցով ցոյց տուաւ պատմական նկարներ աշխարհագրական դիրքերու, վայրերու, վանքերու, ֆետայական, հերոսական խումբերու, որոնց միջոցով ան ներկայացուց Տէօրթ Եոլը, Մուսա լեռն ու Քեսապի պատմութիւնը եւ անոնց բնակիչներուն տարած հերոսական, ինքնապաշտպանական պայքարները: Փրոֆ. Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ Տէօրթ Եոլի, Մուսա լերան եւ Քեսապի ժողովուրդը կը նկատէ հերոսական ժողովուրդ, որովհետեւ ինքնապաշտպանութեան դիմեց:

Ապա ան հրաւիրեց  իր դուստրը  Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեանը, որ ներկայացուց իր պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնը` իր եւ իր հօր այցելութիւնը դէպի հայկական պատմական վայրերը և իրենց  հանդիպումը համշէնահայերուն հետ:

Տէր Վարուժան Արք. Սրբազան Հերկելեանի, հոգեւոր հայրերու, առաքինազարդ քրոջ, հեղինակին,  «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչին, Քաղաքապետին, շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի ներկայութեամ տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը:

Ապա, Տէր Վարուժան Արք. Սրբազան Հերկելեան շքանշանով մը պատուեց Փրոֆ. Յովհաննէսեանը իսկ Այնճարի քաղաքապետ, ընկ. Վարդգէս Խօշեան Այնճարի ժողովուրդին անունով յուշանուէր մը յանձնեց փրոֆ. Յովհաննէսեանին:

Ձեռնարկի աւարտին փրոֆ. Յովհաննէսեան մակագրեց իր նորագոյն գիրքը`  «Արմինիըն Քոմիունիթիզ Աֆ Տը Նորթիսթըրն Մետիթըրենիըն. Մուսա Տաղ, Տէօրթ Եոլ էնտ Քեսապ»:

IMG6210
IMG6165
IMG6171
IMG6174
IMG6178
IMG6185
IMG6192
IMG6189
IMG6187
IMG6205
IMG6207
IMG6206
IMG6170
IMG6197
IMG6196
kinetson
IMG6216

?>