
Դասախօսութիւն
Այնճարի Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը ունեցաւ իր երկրորդ դասախօսութիւնը 10 Մարտ, 2017ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին Լ.Օ.Խ.ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս:
Բացման խօսքով՝ ընկհ. Կարինէ Թէրզեան ներկայացուց դասախօսուհին, Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքի երիցուհի, Նանոր Գլնճեան Ագպաշարեան, նիւթ ՝ «Միզային Համակարգի Հիւանդութիններ»: Հիւանդապահուհին մանրամասն ձեւով բացատրեց այս նիւթի առընջութեամբ պատահելիք անհանգստութիւններ, ինչպէս նաեւ ցոյց տուաւ «power point»ի վրայ կարգ մը կարեւոր նկարներ իրենց մանրամասն բացատրութեամբ: Դասախօսութեան աւարտին եղան հարցուներ որոնց սիրայօժար բացատրութիւններ տրուեցաւ: Ներկաներուն թիւը գոհացուցիչ էր, աւարտին եղան շնորհակալական խօսք դասախօսուհիին: «Power point»ի ընկերակցութեամբ՝ մեծաթիւ ներկաներ օգտուեցան բացատրութիւններէն: Եղաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:
Ներկաները օգտուելով այս դասախօսութենէն մեկնեցան սրահէն:





