Լուրերու Արխիվ

Levon Tashjian

Կէս-Մարաթոնի Մրցում` Կազմակերպութեամբ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն

Կազմակերպութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 26 մարտին, Պէյրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ կէս-մարաթոնի (21,1 քմ) վազքի մրցումը:

Անիկա տեղի կ՛ունենար 10-րդ անգամն ըլլալով:

Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին ՄԱԿ-էն, ներքին ապահովութեան ուժերէն, Լիբանանեան բանակէն, տարբեր մարզական միութիւններէ, ֆետերասիոններէ, ակումբներէ, ինչպէս նաեւ անհատական հանգամանքով երկսեռ մարզիկներ:

Թիւով 1500 վազողները մարզական ոգիով վազքի այս մրցումին մասնակցեցան Հըրշ-Պէյրութի շրջանին մէջ:

Առաւօտեան ժամը 8:00-ին սկսած այս մրցումին խորագիրն էր «Վազք` ընդդէմ թմրամոլութեան»:

Մասնակցողներուն կարգին էր նաեւ Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը:

Ան իր տարիքային դասաւորման մէջ այս վազքը աւարտեց 4-րդ դիրքին վրայ` արձանագրելով 2 ժամ եւ 7 վայրկեան արդիւնք մը:

Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ան իր մետալը ստացաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէէն:

Նշենք, որ տղոց մրցումներուն առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Լիբանանեան բանակի վազողները:

Աւարտին, ներքին ապահովութեան ուժերու մարզական յանձնախումբի նախագահ զօրավար Հիւսէյն Խաշֆէ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:

ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ

Այս առիթով, Այնճարի հայութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, կու գայ շնորհաւորելու Ընկեր Լեւոն Թաշճեանը:

marathon32717
Levon-Tashjian

?>