Զեկուցական Երեկոյ
կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի Մշակութային յանձնախումբին, Ուրբաթ 28 Ապրիլ 2017-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր-Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական երեկոյ մը, որոնց ընթացքին զեկուցեց «Մեսեչուսեց ինսթիթիութ օֆ թեքնոլոճի»-ի («Էմ. Այ. Թի.») Մըք Միլըն-Սթիուըրթի պատմութեան օժանդակ դասախօս դոկտ. Լերնա Էքմեքճիօղլու:
Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի Մշակութային յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց դասախօսը, անոր գործերը և ուսումնասիրութիւնները:
Յետ բացման խօսքին, Սեւան Սարգիսեան ներկայացուց արտասանութիւն մը:
Դոկտ. Էքմեքճիօղլու իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ Մշակութային յանձնախումբին զինք հրաւիրելու նման ձեռնարկ մը կազմակերպելու առիթով: Դոկտ. Էքմեքճիօղլու անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք տիրող կացութեան` հաստատելով հայ կնոջ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պահպանումին եւ ապաքինման մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու որոշ թիւ մը մնացած էր Պոլիս` նկատի ունենալով, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք դաշնակից ուժերը Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն տիրացած էին: Դոկտ. Էքմեքճիօղլու նշեց, որ Ա. ժամանակաշրջանին հայը կորսնցուց ամէն ինչ որ ունէր, իսկ փոխանցման շրջանին` վրայ հասաւ այլ սարսափ մը, որ մարմնաւորուեցաւ դաշնակից ուժերուն Թուրքիայէն հեռացումով, որուն պատճառով տասնեակ հազարաւոր հայեր փախուստ տուին Պոլիսէն:
Բ. ժամանակաշրջանին հայերը արդէն իսկ վերածուած էին փոքրամասնութեան, անոնք զրկուած էին քաղաքացիի լիիրաւ իրաւունքներէն եւ կ՛ապրէին իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ: Ան անդրադարձաւ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող շարք մը հայկական պարբերաթերթերու եւ հրատարակութիւններու, շեշտը դնելով պոլսահայութեան մէջ կիներու իրաւունքներու հիմնական պաշտպան Հայկանուշ Մարքի հրատարակած «Հայ Կին» հրատարակութեան վրայ` ցաւով յայտնելով, որ 1933-ին վերջ գտած էր անոր հրատարակութիւնը: Էքմեքճիօղլու շեշտեց, որ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով պոլսահայութիւնը իր իւրայատուկ պատմութիւնը ունի` յատկապէս պոլսահայութեան հայկական ինքնութիւնը պահպանելու իմաստով:
Դասախօսութեան աւարտին դոկտ. Էքմեքճիօղլու և Ալին Ուզանեան, պոլսահայ թղթակից, պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներու տարափին:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ սրինքի մեղմիկ նուագով որ նուագեց Հասմիկ Այնթապլեան:



