Տարեցներու Ձեռնարկ
Այնճարի տարեցները Ս. Զատկուան ճաշկերոյթը վայելեցին ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան հրաւէրով, Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2017-ի կէսօրին:
Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեանի օրհնութեան աղօթքով և Այնճարի հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կողմէ ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ: Ապա ընկերային յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Ծաղիկ Հերկելեան, շնորհաւորեց ներկաներուն Զատիկը և բարի գալուստի, բարի վայելումի և առողջութեան մաղթանքներէն ետք, խօսքը տուաւ օրուան հանդիսավարներուն՝ ընկերուհիներ Համեստ Ճամպազեանին և Սալբի Հանտեանին:
Անոնք զուարճացուցին ներկաները իրենց հաճոյակատարումներով և Մուսա Տաղեան առօրեան բնորոշող առածներով, երգերով և հանելուկներով:
Մէջ ընդ մէջ, յայտագիրը ճոխացուցին ներկայները, իրենց երգերով, ասմունքներով, պարերով:
Սրտի խօսք փոխանցեցին, Տէր Արսէն քահանայ Քէշիշեան, առաքինազարդ քոյր Թէօպիստէ Պետրոսեան և Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան:
Ապա տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ:
Ձեռնարկի աւարտին, վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց օրուան բարերար ընտանիքին մայրը՝ ընկհ. Վարդուհի Զէյթլեանը: