Մայրերու Օր
Կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Հայ Աւետ եկեղեցւոյ Տիկնանց վարչութեան և հովանաւորութեամբ՝ Տիկ. Ալինա Տագէսեանի, Ուրբաթ 5 Մայիս 2017-ին Կ.Ե. ժամը 2:30-ին ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օր:
Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Քերքէզեան: Օրուան հանդիսավարն էր Տիկ. Նաթալի Քէնտիրճեան:
Խօսք առնելով օրուան բանախօսը՝ Տիկ. Անահիտ Տօնիկեան, ողջունեց բոլոր ներկաները և ըսաւ: « Մայիս ամիսը Աստուածամօր ամիսը, տարուան ամենա գունագեղ բնութեամբ զարդարուած, ստեղծուած է յիշելու մեր բոլոր մայրերը, անոնց մաղթելով երկար ու առողջ կեանք, որպէսզի անոնք մնան ողջ և առողջ, մեր տուներուն ջահը վառ պահելու, լուսաւորելու մեր տուներն ու հոգիները:» Ան շեշտեց մօր կարեւորութիւնը բոլոր տուներէն ներս և անդրադարձաւ բոլոր մօր պարտականութիւններուն, մանաւանդ խոհանոցէն ներս:
Օրուան մթնոլորտը ճոխացուց, աշուղական և ժողովրդական երգերու մեկնաբան Քարմէն Աճէմեան:
Տիկ. Ալինա Տագէսեան առիթը ունեցաւ նաեւ փոխանցելու իր խօսքը: Ան ըսաւ,« Դժուար է սահմանել մայրը, մանաւանդ հայ մայրը: Ինծի համար հայ կինը, հայ մայրը ընտանիքն է, հայ մայրը զաւակի դաստիարակութիւնն է, ամուսինին կողակիցն է, աջ կամ ձախ բազուկն է, թիկունքը, աջակիցը և գործակիցն է: Հայ մայրը միջավայրին, աւանդութիւններու և հարազատներուն հետ ամուր կապեր հաստատող, պահպանող և զարգացնողն է:»
Ձեռնարկի ընթացքին յատուկ շնորհակալական յուշանուէրներ տրուեցան գիւղիս գործունէութիւններու ատենապետուհիներուն, վեթերան տիկնանց վարչութեան անդամուհիի՝ Տիկ. Զապէլ Քէնտիրճեանի, Տիկ. Նանոր Ագպաշարեանի, օրուան բանախօսին՝ Տիկ. Անահիտ Տօնիկեանի, օրուան նախագահուհիին՝ Տիկ. Ալինա Տագէսեանի և մթնոլորտը ճոխացնող՝ Քարմէն Աճէմեանի:
Ունեցանք նաեւ օրուայ բախտաւոր, վիճակահանութիւններ ու նուէրներ:
Ճոխերգերով, նուագներով և ուրախ մթնոլորտով ընկերակցեցան պարեր:



