Մայրերու Օրուայ Տօնախմբութիւն
Մայրերուն հանդէպ երախտագիտական զգացումներն ու յարգանքը արտայայտելու նպատակով Ազգ. «Յառաջ Գ.Կիւլպէնկեան» քոլէճը կազմակերպած էր Մայրերու օրուան տօնախմբութիւն մը , որ տեղի ունեցաւ , Շաբաթ ,13 Մայիս , 2017 –ին ,Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ :
Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք , վարժարանին վարիչ մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Լենա Սթամպուլեան , ողջունեց ներկաները՝ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը , Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանը , գիւղիս պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները , օրուան պատգամախօս՝ ԱզգայինՄիացեալ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Թալին Հաւաթեան Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ մայրերն ու մեծ մայրերը , ապա փոխանցեց որ օրուան հանդիսութիւնը պիտի արտայայտէ մանուկներուն շրթներէն հոսող երախտագիտութիւնը իրենց մայրերուն հանդէպ:
Տիկ Լենա հաստատեց թէ միայն մայրն է, որ կրնայ յաղթահարել կեանքի որեւէ դժուարութիւն՝ պահելու համար իր ընտանիքը եւ դառնալու այդ սուրբ օճախին ճրագը: Ան մաղթեց բոլոր մայրերուն, որ իրենց զաւակներուն աչքին լոյսը արեգակի պէս շողայ ու պայծառութիւն բերէ հայ ազգին :
Ապա ընթացք առաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը :
Ծիլ , բողբոջ եւ կոկոն դասարանի աշակերտները արտասանեցին , որմէ ետք կոկոն ու ծաղիկ դասարանները ներկայացուցին «A mom like you » մայրերու նուիրուած երգը, այնուհետեւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մօր նուիրուած խօսքեր արտասանեցին:
Ապա բեմ բարձրացաւ Ա. Բ. Գ. կարգերու երգչախումբը «My Mom» երգով , որուն յաջորդեց Դ.Ե.Զ. դասարաններու երգչախումբի «Կանաչ հեքիաթ» եւ «Գոյներ» երգերը:
Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մամա Մամա» պարը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի ՝ Տիկ Թալին Հաւաթեան Մարտիրոսեան , որ բնութեան զարթօնքն ու հայ մօր նուիրուած տօնը շաղկապելով՝ հաստատեց , թէ իւրաքանչիւրը իր եզակի դերակատարութիւնը ունի մարդկութեան կազմաւորման հանգրուաններուն մէջ:
Տիկ Թալին նախ ՝ մօր նուիրաբերումը դրուատելով վեր առաւ Հայ Մօր զոհաբերումը,ըսելով , թէ ան իր տան սեմին մի՛շտ ներկայ , մի՛շտ քաջալերող եւ մի՛շտ պատրաստ կանգնած է՝ յանուն իր օճախի պահպանման եւ հայեցի կրթութեան:
Ապա ան ներկայացուց առաջին դասիարակը ՝ մայրը, որ իր զաւակին առաջին քայլերէն կ՛ընկերակցի իրեն եւ միշտ կ՛ուղղէ դէպի այն ճանապարհը , ուր կը դրոշմուի գիտակցութիւնը զատորոշելու էականը երկրորդականէն:
Հայ մօր վճռորոշ եւ նուիրական դերը ներկայացնելով Տիկ Թալին անդրադարձաւ՝ իր զաւակը վասն մարդկութեան փրկութեան զոհաբերող Աստուածամօր տիպարին:
Ան հաստատեց , որ հայ մօր դերը առանձգային ազդեցութիւն ունեցած է մեր կրօնական եւ աւանդական կեանքին մէջ , ան օրինակ առնելով պապենական օճախի համոզումներն ու սովորութիւնները , նկատել տուաւ , որ ներկայ սերունդը կը գտնուի ազդեցութեան տարբեր գօտիներու մէջ , ուր հայ մայրը իր հմտութեամբ պէտք է զարգացնէ զաւակներուն մէջ լայնախոհութիւնն ու քննական մտածողութեան կարողութիւնները:
Ապա Տիկ. Թալին մէջբերելով Պալզաքի «Ազգի ապագան մայրերուն ձեռքն է» յայտնի արտայայտութիւնը, խօսեցաւ ազգային գոյամարտին մէջ հայ մօր ունեցած իւրայատուկ դերակատարութեան մասին: Ան վերադառնալով Տէր Զօրի անապատներուն մէջ տառապող հայ մայրերու զոհաբերութիւններուն , անցնելով Մայիսեան անկախութեան ու Սարդարապատեան սխրագործութիւններէն , սփիւռքի տառապալից գոյատեւման պայքարին մէջ հայ երիտասարդին թիկունք կանգնած նուիրեալ մայրերէն եւ վերջապէս կանգ առնելով Արցախի նորօրեայ պատմութեան իրենց զաւակները հայրենիքի փրկութեան նուիրած հայ մայրերուն կից ՝ ընթերցեց Շուշիի գումարտակի հրամանատար՝ նահատակ Դուշման վարդանի մօր արտասանած խօսքը ու եզրափակեց պատգամը ըսելով՝ «բիւր յարգանք մեր հերոսածին մայրերուն»:
Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը,Դ. Ե. Զ. կարգերու պարախումբը բեմը զարդարեց «Քո մաման» երգախառն բեմականացումով:
Արաբերէն արտասանութեամբ հանդէս եկաւ ութերորդ դասարանի աշակերտուհիներէն ՝ Ալիսա Չափարեան, որուն յաջորդեց միջնակարգի աղջիկներուն պարախումբի ռուսական պարը: Յայտագիրը վերջ գտաւ Ե.Զ. կարգերու հայկական ժողովրդական պարով:
Հանդիսութեան աւարտին վարիչ մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ Լենա Սթամպուլեան բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր ՝ Տիկ Թալին Հաւաթեան Մարտիրոսեանն ու վարժարանին տնօրէն Արմէն Թաշճեանը կատարելու համար կարկանդակի հատումը:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն :