Լուրերու Արխիվ

IMG 8586

Վիգէն Դարբինեանի Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

Կիրակի, 4 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Վիգէն Դարբինեան ժամադրուած էր Այնճարի հայութեան հետ, որ համախմբուած էր «Հետուիկ» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան:

Բացման խօսքը արտասանեց Նաթալի Քենտիրճեան, որ դիտել տուաւ, թէ հայ ժողովուրդը ճանչցուած է յատկապէս իր արուեստագէտներով: Ան արուեստագէտը նկատեց «աշխարհի չորս ծագերուն փայլատակող մը, մանաւանդ իր ուրոյն եւ ինքնատիպ երաժշտութեամբ` հիւթեղ, տաքուկ, անկեղծ, առինքնող, խորունկ ու գեղեցիկ»: Ան դիտել տուաւ, որ Վիգէն Դարբինեանի երգերը արդի են, սակայն ոչ արդիական եւ կեղծ, այլ միշտ իւրայատուկ, միշտ հայ մեղեդիին սիրահար ու հաւատարիմ: Ն. Քենտիրճեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Վիգէն Դարբինեան Այնճար կը գտնուի ներկայացնելու յատկապէս իր «Վերադարձ» խտասալիկը, իսկ անոր հետ հանդիպումը նկատեց պատգամ եւ կոչ` սիրելու հարազատը, կառչելու հայկականին եւ պահպանելու իսկականը:

Ապա բեմ բարձրացաւ Վիգէն Դարբինեան, որ հիմնականին մէջ մեկնաբանեց իր նոր ձայնասկաւառակէն երգեր` մերթ յուզելով ներկաները, երբեմն թափանցելով անոնց սրտին խորերը թաքնուած աշխարհները, իսկ եզրափակիչ երգերով ան թնդացուց սրահը` յիշելով Լիզպոնի նահատակները յատկապէս, իսկ Հայ դատին ու պահանջատիրութեան ի խնդիր զոհուած բոլոր նուիրեալները, ինչպէս նաեւ «Կարօտ» երգով յիշեց այն աննման հայ մայրերը, որոնք տիւ ու գիշեր կը սպասեն իրենց ֆետայի որդիներուն վերադարձին:

Ելոյթի աւարտին Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան Համազգայինի  «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած շքանշանով պարգեւատրեց սիրուած արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեանը` հայ երգարուեստին մէջ ունեցած ուրոյն ու կարեւոր ներդրումին համար:

image1-1
IMG8574---Copy
IMG8586
IMG8582---Copy
IMG8580---Copy
IMG8579---Copy
IMG8592
IMG8589

?>