Վերաբացում՝ «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի ակադեմիայի
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Հինգշաբթի 14 Սեպտեմբեր, 2017-ին տեղի ունեցաւ Մուսալերան հերոսամարտի 102 ամեակի ձեռնարկներու առաջին միջոցառումը՝ վերաբացումը «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի ակադեմիայի:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկ. Նաթալի Քէնտիրճեան, որ մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց ակադեմիայի վերաբացումը, ըսելով որ ակադեմիայի հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ նոր սերունդի տաղանդները յայտնաբերել: Ան աւելցուց. «Յանձնախումբին ծրագիրը այս տարուան համար, շաբաթական դասերուն կողքին, պիտի ընդգրկէ արտադպրոցական աշխատանքներ, պատերու վրայ աշխատանքներ եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներ ու ցուցահանդէս »:
Առիթը օգտագործելով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ «Ռուբէն Նագեան» ակադեմիայի հիմնադիրներուն, եւ փոխանձեց, որ ակադեմիայի դասատուն պիտի ըլլայ Տիկ. Մարալ Թնգրեանը:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Վազգէն Գալօշեանը, որ յուշանուէրներով գնահատեց ակադեմիայի հիմնադիրներէն ընկերներ՝ Յովհաննէս Խօշեան, Րաֆֆի Անտոնեան եւ Պօղոս Թասլաքեան, ինչպէս նաեւ բացակայ ընկերներ՝ Կարպիս Քէնտիրճեան, Վահէ Տիւքէնճեան եւ ընկերուհի Թալին Սթամպուլեան:
Խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ Պարոյր Սեւակի խօսքերէն մէջ բերելով, ըսաւ. «Ինչքան էլ ծանր է մանուկ թաղելը. Մանուկ պահելը ծանր է աւելի»: Ան շարունակեց. «Մեր երեխաները ճիշդ ուղին ղրկելու համար՝ առաջին քայլը կը սկսի հոսկէ: Հոս է, որ մեր երեխաները կը սորվին զանազանել բարին չարէն: Հոս է, որ իրենց ճաշակին մէջ պիտի ամրանայ բարիի եւ գեղեցիկի սկզբունքը, որպէսզի չարը յաղթենք գեղեցիկի ճամբով»:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ վարչութեան կողմէ փոքրիկ հիւրասիրութեամբ:



