Լուրերու Արխիվ

IMG 6710

Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Վերամուտ

Հինգշաբթի 28 Սեպտեմբեր, 2017ի առաւօտեան հնչեց Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի առաջին զանգը: Վերամուտի հանդիսութիւնը սկսաւ նախ Տէրունական աղօթքով ու ծաղկեպսակի զետեղումով՝ ի յիշատակ քոյր Հետուիկի ու բոլոր քոյրերուն, որոնք աշխատած են ի նպաստ Աւետարանական համայնքին ու անոր վարժարանին վերելքին:

Ապա, հիւրերն ու աշակերտութիւնը ուղղուեցան դէպի Հետուիկ սրահ՝ վարժարանի վերամուտի պաշտօնական հանդիսութեան:

Բարի Գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանի տնօրէն՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան: Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան իր խօսքին մէջ յայտարարեց որ 2017-2018 տարեշրջանը պիտի կոչուի նորոգուող սիրտի եւ միտքի տարեշրջան, ուր տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմն ու աշակերտութիւնը, ձեռք-ձեռքի տուած, պիտի գործեն ի նպաստ վարժարանին ու հայ ազգին վերելքին: Ան շարունակեց. «Այս վարժարանը պիտի շարունակէ երեւան հանել սերունդներ որոնք հայ են, քրիստոնեայ են ու շատ հարուստ գիտելիքներով անհատներ են:»

Ապա, ան ներս հրաւիրեց Ա. Կարգի աշակերտները, ինչպէս նաեւ վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի շրջանաւարտները, որոնք հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով խօսքեր ու մաղթանքներ արտասանեցին:

Առաջին ու 12-րդ կարգերու դիմաւորութեան յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին վարժարանի պարախումբը ներկայացուց 2 պար, բեմադրութեամբ պարուսոյս Տիկ. Մարալ Թնգրեանի: Աշակերտուհիներ Կասիա Պօյաճեան եւ Ռոզալին Քէնտիրճեան ներկայացուցին ասմունք մը: Նաեւ, Նարէ Փիլավճեան եւ Սեւատա Անտոնեան հանդէս եկան բանաստեղծական կտորով մը:

Խօսք առաւ ծնողական խորհուրդի ներկայացուցիչ Տիկ. Շողեր Տէիրմէնճեանը, որ իր խօսքին մէջ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ նախորդ տարուան ծնողական խորհուրդին աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Այնճարի քաղաքապետութեան անունով խօսք առաւ Պրն. Յակոբ Այնթապլեան, շեշտելով, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը պատրաստ է եւ միջոց պիտի չխնայէ յաջողցնելու համար առաջարկուած ծրագիրներ:  Ան ըսաւ. «Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը հպարտութեան աղբիւր մը պէտք է ըլլայ բոլորիս համար, որովհետեւ ան իր մէջ կը կրէ շունչը մեր Մուսա Լերան նախահայրերուն, որոնք այն քիչ հայ գիւղացիներէն էին որ հերոսամարտ մղեցին ու չխոարհեցան թուրքին առաջ:»

Ապա, Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան բեմ հրաւիրեց Տէր եւ Տիկին Թոռոսեանները, եւ յանձնեց անոնց փոքրիկ յուշանուէր մը:
Պրն. Թոռոսեան խօսք առաւ, ըսելով որ կրթական գործը ամէնէն սուրբ գործն է, որ կը պահանջէ շատ մեծ զոհողութիւններ, եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի անոր մէջ:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ խմբային նկարով մը, որմէ ետք հիւրերն ու աշակերտութիւնը հիւրասիրուեցան ծնողական խորհուրդին կողմէ:

Բարի դպրոցական վերամուտ եւ բեղուն տարեշրջան բոլոր աշակերտներուն:

 

IMG6710
IMG6700
IMG6698
IMG6687
IMG6693
IMG6690
IMG6684
IMG6681
IMG6679
IMG6677
IMG6676
IMG6673
IMG6671
IMG6669
IMG6666
IMG6663
IMG6660
IMG6657
IMG6653
IMG6654
IMG6640
IMG6651
IMG6638
IMG6636
IMG6637
IMG6635
IMG6634
IMG6629

?>