
Semas Այնճարի աշակերտները կը մասնակցին Gajsma միջազգային մրցոյթին Պանքոքի մէջ
Հինգշաբթի 28 Սեպտեմբեր, 2017-ին Այնճարէն 12 աշակերտ-աշակերտուհիներ, ընկերակցութեամբ Պրն. Պօղոս Քէնտիրճեանին եւ Տիկ. Արաքս Հերկելեանին, նաեւ իրենց ծնողքին, մեկնեցան Պանքոք-Թայլանտ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Gajsma միջազգային տարեկան մրցոյթին:
20 երկիրներէ ժամանած եւ աւելի քան 450 մասնակից աշակերտներու, Լիբանանի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Այնճարէն Կարէն Պօյաճեան, Քրիսթէլ Գազանճեան, Ռալֆ Աշգարեան, Հրակ Սթամպուլեան, Վագօ Գէօհիւլեան, Մաթիլտա Գէօհիւլեան, Սելին Աբրումեան, Լալէ Զէյթլեան, Արթիւր Հէքիմեան, Մոսիկ Հերկելեան, Սպիտակ Տէմիրճեան եւ Վարանդ Մաճարեան: Մրցոյթը տեղի ունեցաւ 1 Հոկտեմբեր, 2017-ին, Պանքոքի մէջ: Մեր աշակերտներուն մեծամասնութիւնը վերադարձաւ բաժակներով:
Մրցանակակիրները դիմաւորելու համար հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 3 Հոկտեմբեր, 2017-ին, Semas-ի կեդրոնէն ներս՝ Այնճար, որուն ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Ազգային Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Արմէն Թաշճեան, Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի տնօրէն՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան եւ աշակերտներուն հարազատներն ու ծնողքը:
Կը շնորհաւորենք բոլոր մասնակիցները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչները, որոնց տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ Այնճար կը հպարտանայ իր զաւակներով:







