Լուրերու Արխիվ

 

yesayi 101617

«Կարճացած» Է Ճամբան Դէպի Երեւան

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Տարօրինակ է մեր ժողովուրդը. Շա՜տ տարօրինակ ենք նաեւ մենք` լիբանանահայերս: Մոռացկոտ դարձած ենք եւ` շատ արագօրէն:

Կը յիշէ՞ք` քանի մը տարի առաջ Պէյրութ-Երեւան օդանաւային տոմսերու սղութեան մասին որքա՜ն դժգոհութիւն կար: Օրին տոմսերուն գինը կը տարուբերէր 600-800 ամերիկեան տոլարի միջեւ: Արդար էր ժողովուրդին ընդվզումը: Մամուլին մէջ լոյս տեսան անթիւ յօդուածներ, որոնք հայրենի «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան մասին ինչե՜ր ըսես` չգրեցին: Իրերայաջորդ, անթիւ, բերանացի եւ գրաւոր բողոքներ` խիստ եւ նոյնիսկ վիրաւորական: Ատենին ես ալ մասնակից դարձայ` այդ մասին գրելով:

Յանկարծ կացութիւնը փոխուեցաւ: Լիբանանեան օդանաւային ընկերութիւնը (MEA) սկսաւ Պէյրութ-Երեւան ուղղակի թռիչքներու եւ դիւրացուց հայրենիք երթուդարձը: Դժբախտաբար, սակայն,  տոմսերու գիները գրեթէ նոյնը մնացին եւ զարմանալիօրէն այս անգամ դժգոհութիւններ եւ բողոքներ չկային…

Չխորհիք, որ մեր տարօրինակութիւնը այսքանով կը սահմանափակուի: Կայ աւելին. Գնահատանքով չարձագանգեցինք այս դրական զարգացումին: Մոռցանք  մեր գնահատանքը արտայայտել մեր հայ նախարարին, երեսփոխաններուն եւ Հայաստանի դեսպանին,  որոնց «ճնշում»-ին շնորհիւ էր, որ բացուեցաւ օդանաւային այս գիծը: Գիծ մը, որ շահաբեր էր Լիբանանի օդանաւային ընկերութեան համար` նկատի ունենալով ճամբորդներու մեծ թիւը:

Աւելի դրական զարգացումով մը` հայրենի նոր ընկերութիւն մը (Air Armenia) սկսաւ Երեւան-Պէյրութ  թռիչքներ կազմակերպել: Արդիւնքը եղաւ այն, որ շաբաթական քանի մը թռիչքներ սկսան կազմակերպուիլ, եւ տոմսերուն գիները մեծ նահանջ արձանագրեցին: Ճամբորդական գրասենեակներ սկսան աւելի յարմար գիներով  եւ լաւ սպասարկութեամբ տոմսեր առաջարկել: Մրցակցութիւնը նուազեցուց տոմսերուն գիները`   հասցնելով 300 տոլարի սահմաններուն…

Դրակա՞ն է այս փոփոխութիւնը: Անշո՛ւշտ դրական է, շա՜տ դրական: Նկատած ըլլալու էք, որ շատ աւելի մեծ թիւով լիբանանահայեր հայրենիք կ՛այցելեն: «Կարճցած» է դէպի Երեւան ճանապարհը, այնքան մը, որ բազմաթիւ արաբ  լիբանանցիներ նաեւ Հայաստան կ՛այցելեն ծանօթանալու համար մեր չքնաղ հայրենիքին:

Այս շատ դրական երեւոյթին մասին պիտի խօսի՞նք, պիտի գրե՞նք, թէ՞ արգիլուած է:

Անցեալ սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ կազմակերպուած համահայկական ժողովին մեծագոյն պատուիրակութիւններէն էր լիբանանահայութեան պատուիրակութիւնը:

Հայրենիքի մէջ կազմակերպուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 102-րդ տարեդարձի ձեռնարկներուն զգալի թիւ էին այնճարցիները: Անոնց մասնակցութիւնը տօնակատարութեան` աւելիով խանդավառեց ժողովուրդը:

Հիմա դուք ըսէք` տարօրինակ չե՞նք:

Ձեզմէ ոմանք կրնան ըսել, թէ ի՛նչ ընենք, այսպէս է մեր ժողովուրդը: Աւելին մուսալեռցին կ՛ըսէ` «Ատ թապահաթ ի, գապահաթ չի»: Այսինքն այդ մէկը յանցանք չէ, այլ` բնաւորութիւն: Համոզուեցա՞ք, որ իսկապէս տարօրինակ ենք: Մաղթենք, որ այս յատկանիշը ժառանգական չէ հայութեան մէջ, եւ զայն կարելի է սրբագրել…

Կարեւորը` կարճցած է Երեւանի ճանապարհը,  սիրելի՛ ժողովուրդ. աչքերնիդ լոյս:

25 սեպտեմբեր 2017                                           
Երեւան

?>