Դրական Եւ Ժխտական Մատնանշումներ` Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին Առիթով
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը գումարուած է արդէն Երեւանի մէջ, 18-20 սեպտեմբեր 2017-ին, շուրջ 1800 մասնակիցներով:
Բնականաբար, թէ՛ համաժողովէն առաջ, թէ՛ նաեւ համաժողովի գումարումէն ետք, բազմաթիւ հայորդիներ իրենց կարծիքն ու կեցուածքը յայտնեցին թէ՛ բանաւոր, եւ թէ՛ գրաւոր կերպով` յօդուածներ գրելով կամ արձանագրութիւններ կատարելով ընկերային ցանցերուն վրայ:
Այս քննարկումներն ու կարծիքներու փոխանակումը պէտք է միայն ողջունել: Այս արտայայտութիւնները կենդանութեան, հետաքրքրութեան, հայրենասիրութեան եւ առողջ մտածողութեան նշաններ են: Անոնց պէտք է մօտենալ ամենայն բծախնդրութեամբ` առանց վշտանալու նոյնիսկ շատերու ծայրայեղ գնահատականներէն:
Առաջին անգամ ըլլալով` ես ալ հրաւէր ստացայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութենէն այս համաժողովին մասնակցելու համար:
Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ բազմամարդ ժողովի մը մասնակցելու նախկին փորձառութիւնս դառն եղած էր: «Հայ ակրոֆորում պիզնես»-ը օրին համախմբած էր աշխարհի չորս կողմերէն հայ գիւղատնտեսներ` քննելու համար Հայաստանի գիւղատնտեսութեան իրավիճակը: Դժբախտաբար, սակայն, համաժողովը եղած էր ձեւական, եւ ժողովին բանաձեւը պատրաստուած էր նախքան ժողովի գումարումը… Յուսախաբ վերադարձած էի համաժողովէն:
Հակառակ այս դառն փորձառութեան` որոշեցի մասնակցիլ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին:
Մասնակցութիւնս օգտակար փորձառութիւն մը եղաւ ինծի համար:
Հիմա կ՛ուզեմ ընթերցողներուն հետ բաժնեկցիլ այս փորձառութիւնը եւ մատնանշել կարգ մը դրական եւ ժխտական երեւոյթներ, որոնք նկատելի էին Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի ընթացքին:
Դրական էր այսպիսի համաժողովի մը կազմակերպումը քանի մը պատճառներով.
Ա.- Այս համաժողովը կը համախմբէր հայութեան գրեթէ բոլոր հատուածներուն ներկայացուցիչները: Հայութեան համախմբումը, ի՛նչ առիթով ալ ըլլայ, միշտ դրական երեւոյթ է հայութեան համար: Նաեւ լաւ առիթ է մեր թշնամիներուն պատգամներ հասցնելու համար:
Բ.- Պէտք է գնահատել համաժողովին մասնակիցներու բարձր համեմատութիւնը, եթէ նկատի ունենանք, որ 2200 հրաւիրեալներէն 1800-ը ընդառաջած էին հրաւէրին:
Գ.- Տպաւորիչ էր ժողովին համար նկատի առնուած բնաբանը` «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն», որոնց այնքան կարիք ունի մեր ժողովուրդը:
Դ.- Խելացի կերպով պատրաստուած էր համաժողովին օրակարգը`«Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ», «Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրների պայմաններում», «Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ» եւ «Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ»: Չորս հիմնական օրակարգի գլուխներուն տակ ներառուած էին հայութիւնը յուզող գրեթէ բոլոր հարցերը:
Ե.- Բացի պաշտօնական խօսքերէն` նախագահներուն, կաթողիկոսներուն, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին եւ կարգ մը նախարարներու, առանձին նիւթերու մասին զեկուցումներով հանդէս եկան շուրջ 100 մասնագէտներ:
Զ.- Պէտք է արձանագրել, որ սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ջանք թափած էր այս համաժողովը լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար: Վերջապէս, զիրար ճանչնալու ու մանաւանդ զիրար հասկնալու լաւ առիթ էր այս համաժողովը:
Է.- Ողջունելի էր նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (յառաջիկայ տարի) 100-ամեակին եւ քաղաքամայր Երեւանի 2800-ամեակին համար նախատեսուած տօնակատարութիւններու ծրագիրներու ներկայացումը: Շատ օգտակար էր նաեւ իւրաքանչիւր մասնակիցի փոքր գրքոյկի մը տրամադրումը, որ կը ներկայացնէր 5-րդ համաժողովին (2014) եղած գլխաւոր առաջարկներն ու իրագործուած կէտերը, որոնք կ՛ապացուցէին, որ այս համաժողովները բաւական դրական փոփոխութիւններու պատճառ հանդիսացած են, եւ ժողովներ չեն` միայն ժողովներ գումարելու սիրոյն:
Անշուշտ այս բոլորը դրական եւ քաջալերական երեւոյթներ են:
Չկայի՞ն թերութիւններ եւ բացթողումներ, բնականաբար կային:
Հիմնական բացթողումներ կարելի է նկատել.
Ա.- Բացման հանդիսաւոր նիստին, որուն ընթացքին խօսք առին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց նախագահներն ու զոյգ կաթողիկոսները, քոյր համայնքներուն եւ հայ ազգային կուսակցութեանց ներկայացուցիչները խօսք չունէին:
Բ.- Երիտասարդ ներկայացուցիչներու թիւի պակասը (մասնակիցներուն մեծամասնութեան տարիքը 50 տարեկանէն վեր էր):
Գ.- Շատ մը զեկուցումներու ջնջումը վերջին վայրկեանին (երեւակայել, որ մարդիկ տուն, տեղ ու գործ ձգած եւ զեկուցում պատրաստած` եկած էին համաժողովին իրենց կարծիքը յայտնելու):
Դ.- Համաժողովի մասին տարուած քարոզչական սխալ շեշտաւորումը, որ անուղղակիօրէն պատճառ կը հանդիսանար, որ մեր ժողովուրդը մեծ յոյսեր կապէ այս համաժողովին:
Ե.- Կային նաեւ այլ գործնական դժուարութիւններ, ինչպէս` նոյն ատեն գումարուող չորս նիստերու առկայութիւնը չորս տարբեր սրահներու մէջ: Մասնակցողը եթէ ուզէր իսկ, չէր կրնար մասնակցիլ տարբեր նիստերու նոյն ատեն:
Զ.- Համաժողովին մասնակցողներուն մեծ թիւը,որ գործնականօրէն անկարելի կը դարձնէր հարցերու քննարկումը:
Է.- Ժամանակի սղութիւնը. երեք օրերու ընթացքին պիտի գումարուէին (բացի պաշտօնական ելոյթներէն) երեք լիագումար եւ բազմաթիւ կողմնակի նիստեր:
Եթէ փորձենք գնահատական տալ այս համաժողովին, ի՛նչ ալ ըսենք, ճշգրիտ պիտի չըլլայ պարզ այն պատճառով, որ իւրաքանչիւր հայ արդարօրէն տարբեր անկիւնէ կրնայ դիտել այս համաժողովը` տարբեր ակնկալութիւններով:
Կարելի է սակայն կարգ մը ընդհանուր հաստատումներ կատարել եւ առաջարկներ ներկայացնել յառաջիկայ համաժողովներուն համար:
Ա.- Համահայկական ժողովները, որոնք կը գումարուին 3 տարին անգամ մը, օգտակար են: Հայ ժողովուրդին ուժը իր միասնութեան մէջ է, եւ այդ միասնութիւնը պէտք է պահպանուի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Հետեւաբար երբեք պէտք չէ շուքի մէջ մնան քոյր համայնքներն ու հայ ազգային կուսակցութիւնները:
Բ.- Այս համաժողովները պէտք է ներկայացուին որպէս խորհրդակցական ժողովներ, որովհետեւ անոնք գործող մարմին չեն: Այս ժողովները պէտք է ծառայեն խորհրդակցելու` հայութեան ամէն տեսակի դժուարութեանց մասին: Հետեւաբար աւելի ճշգրիտ է «խորհրդակցական» բնորոշումին օգտագործումը: Այսպիսի խորհրդակցական ժողովներէն բնականաբար համեստ կ՛ըլլան նաեւ մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները:
Գ.- Սփիւռք-Հայաստան անուանումը արհեստական բաժանումի, կամ երկու կողմերու տպաւորութիւն կը ձգէ: Աւելի շինիչ կրնայ ըլլալ Համահայկական անուանումը, որուն մէջ մէկ կողմ կայ միայն` հայ ժողովուրդը:
Դ.- Նկատի ունենալով, որ այս համաժողովները կը կազմակերպուին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ եւ ունին համահայկական բնոյթ, յառաջիկային անհրաժեշտ է սփիւռքի կազմակերպութիւններու գործօն մասնակցութիւնը համաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, ինչ որ մեծապէս կը դիւրացնէ համաժողովներու կազմակերպական գործը:
Ե.- Յառաջիկայ համաժողովներուն անպայման ճիգ պէտք է թափել, որպէսզի ժողովի մասնակիցներուն մէջ երիտասարդները մեծ թիւ կազմեն: Բաւական հսկայ թիւ մը կայ երիտասարդ մասնագէտներու, որոնց ներկայութիւնը այսպիսի համաժողովներուն անհրաժեշտութիւն է: Պէտք չէ մտահան ընել նաեւ այն իրողութիւնը, որ երիտասարդները ի վիճակի են մեծ պատասխանատւութիւն վերցնելու (կարգ մը յառաջադէմ երկիրներու վարչապետներն ու նախարարները 40-էն վար են տարիքով…):
Զ.- Յառաջիկայ համաժողովներուն անհրաժեշտ է ժողովներու գումարման հետ առնչուող դժուարութիւններուն լուծում գտնել, որ բաւականին դժուար է` նկատի ունենալով ժողովականներուն մեծ թիւը եւ ժամանակի սղութիւնը:
Դժբախտաբար այս համաժողովին ես ալ խօսք չունեցայ. անունս խօսքէ զրկուածներու ցանկին մէջ էր:
Հետեւաբար հարկադրուած եմ չարտասանուած խօսքս մամուլով ներկայացնելու: Շուտով:
Կ՛ուզեմ նաեւ իմ համոզումս յայտնել ընդհանրապէս ժողովներու մասին: Ժողովներու ընթացքին արտայայտուած որեւէ լաւ գաղափար կը նմանի ոսկեդրամի, որ եթէ ինկած է որեւէ ճամբու վրայ, անպայման մէկը կը նկատէ զայն ու կը վերցնէ: