Կիրակի 12 Նոյեմբեր 2017-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ իր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլ, Լէյլա եւ Հաուըրտ Գարակէօզեաններու:
Սուրբ Պատարագին յաջորդեց Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս հաւաք մը, ներկայութեամբ զոյգ համայնքներու հոգեւոր պետերուն` Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան եւ պատուելի Յակոբ Աքպաշարեան, Լիբանանի «Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ անձակազմ, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան անդամները, ԼՕԽ-ի «Ախթամար» մասնաճիւղի վարչութեան անդամները, Այնճարի վարժարաններու տնօրէնները եւ Այնճարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան պաշտօնէութիւնը:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Լիբանանի «Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց հաստատութեան պատմականն ու մինչեւ օրս կատարած մարդասիրական ծառայութիւնները: Ան շեշտեց, որ հիմնարկի նպատակն է հայ երեխային ու ընտանիքին առողջ եւ ուրախ պահելը:
Ապա, խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ըսաւ. «Մենք Այնճարի մէջ, բոլորս անխտիր, այս հաստատութեան բարերարական արժանիքը մեր մորթին վրայ զգացած ենք, որ եղաւ մեր կողքին իր լաւագոյն բժիշկներով:»
Խօսք առաւ նաեւ Այնճարի «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն Պրն. Արմէն Թաշճեան, որ շեշտեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան բարերարական արժանիքի անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքերուն մէջ: Ան շարունկեց. «Այս հաստատութիւնը վերանորոգ հաստատութիւն է, օրուայ մարտահրաւէրներուն ընդառաջող:» Ան աւարտեց մաղթելով որ շարունակական մնայ հաստատութեան երթը:
Տոքթ. Ժան Սալմանեան ըսաւ. «Միայն մեծ հոգի ունեցողն է որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իրեն օգտակար գտնուող անձին, եւ գնահատանքի այս ոգին մենք կը գտնենք մեր հայ համայնքին մէջ:» Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետութեան,Այնճարի հոգեւոր հայերուն, տնօրէններուն ու աշակերտութեան, որոնք ներկայ գտնուեցաւ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նուիրեալ այս ընտանիքի անդամներուն յիշատակին:
Պատուելի Յակոբ Աքպաշարեան խօսք առնելով ըսաւ, «Գարակէօզեան հաստատութիւնը պահելով իր առաքելութիւնը, օրուան պէտքերը նաեւ կը գոյացնէ: Կրթական մարզի մէջ ներխուժելու իրագործումով, Գարակէօզեան հաստատութիւնը կը դառնայ օրինակ բոլոր հաստատութիւններուն, որովհետեւ այլեւս հայ մանուկը պէտք ունի նկատելու իր անձնաւորութեան մէջի մանրամասնութիւնները եւ ասոր մէջ Գարակէօզեանը շատ օգտակար կը դառնայ մեզի՝ մտահոգուելով հայ մանուկին ու աշակերտին հոգեկան աշխարհին մասին:»
Նաեւ, խօսք առաւ Տոքթ. Խաժակ Այնթապեան, որ նշեց, թէ Գարակէօզեան հաստատութիւնը հիմնական պատճառներէն մէկը եղած է անոր բժշկութեան մարզին մէջ աշխատելու, երախտագիտութիւնը յայտնելով հաստատութեան:
Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան պահպանիչով եզրափակեց հաւաքը: