Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ Կարմիր Լեռ կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, Ուրբաթ 1 Դեկտեմբեր, 2017-ին Այնճարի «Գ. Կիւլպէնքեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան 127 Ամեակի Տօնախմբութիւն:
Բարի Գալուստի Խօսք արտասանեց յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Խաժակ Հերկէլեան, ապա խօսքը փոխանցեց Տոքթ. Խաժակ Այնթէպեանին:
Ազգային եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ երգիչ՝ Սերոբ Յակոբեան , ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:



