Այնճար հայաւանին մէջ արդէն կը տիրէ կաղանդի մթնոլորտ, մայր հրապարակի տօնական զարդարանքներով:
Ուստի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը չէր կրնար Նոր Տարուան և Ս. Ծննդեան տօնախմբութենէն անմասն ձգել Այնճարի տիկիններն ու օրիորդները:
Արդ, Ուրբաթ 15 Դեկտեմբեր 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ հաւաքուեցան ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհին, շրջանի վարժարաններու ծնողաց յանձնախումբեր, եկեղեցիներու տիկնանց միութիւններու վարչութիւններ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ի «Շուշի»(Զահլէ) մասնաճիւղի ընկերուհիներ եւ համակիրներ,, միասնաբար ուրախ ժամանակ անցընելու, սպասելով 2018-ի բարիքներուն:
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Անի Քէօշէեան:
Օրուան հանդիսավարն էր ընկհ. Ծաղիկ Հապէշեան, որ անդրադարձաւ ծառայելու ոգիին եւ հաստատեց, թէ ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայութիւնը կ’ուռճանայ իր իսկ անդամներու ներդրումով: Ապա ընթերցեց Մ. Իշխանի «Սեղանի Շուրջ Կաղանդի» քերթուածը: Ան մէջ ընդ մէջ կազմակերպեց զուարճալի խաղեր:
Մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Նշան Վարդանեան եւ հաճելի ներկայացումով առիթին յարմար մթնոլորտ մը ստեղծեց, խանդավառելով ներկաները: Ան հրաւիրեց զանոնք շուրջպարի ու մենապարի: Պարին եկան միանալու Կաղանդ Պապիկն ու Մամիկը ծանրաբեռնուած նուէրներով, զորս բաշխեցին ներկաներուն:
Ընկերային յանձնախումբի ջանքերով հաւաքուած նուէրները բախտաւորեցին ներկաները:
Ձեռնարկի աւարտին հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բոլոր նուիրատուներուն: