Լուրերու Արխիվ

LOGO hy

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի 30 Ապրիլ, 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. մարզահամալիրի դաշտէն ներս տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային հաւաք:

Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Մարինէ Գարայեան: Ան հաստատեց թէ քուէարկել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կը նշանակէ մասնակցիլ եւ պայքարիլ Հայկական շրջաններու հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ Լիբանանահայութեան ինքնութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանման համար:

Ընկհ. Գարայեան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Եկած ընք բարձրաձայն յայտարարելու թէ մեր հաւաքական շահերը աւելի գերադաս են քան մեր անհատական շահերը: Մենք հոս հաւաքուած ենք փաստելու մեր ներկայութիւնը եւ մեր ձայնին ուժը: Ուստի, տէր կանգնինք մեր համայնքային իրաւունքներուն եւ հայ քաղաքացիի բարձր գիտակցութեամբ ուղղուինք դէպի քուէատուփ եւ մեր ձայնը վճռականօրէն տանք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:»

Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկ. Յակոբ Այնթապլեան: Ան ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն յաջողած է Մուսա Լեռ Այնճարի հայրենակիցներու իղձերու եւ փափաքներու իրական թարգմանը հանդիսանալ: Ան իր ընկերական ամբողջ կազմով ու համակիրներու կարգապահ շարքերով, յաջողած է կազմել մէկ ու միասնական ճակատ՝ ընդդէմ մեր գիւղին ու գիւղացիներուն սպառնացող բոլոր վտանգները:» Ան շարունակեց իր խօսքը ըսելով. «Գալ Կիրակի՝ 6 Մայիսին, բացառիկ առիթ մը պիտի ունենանք՝ փաստելու որ Այնճարի ու Զահլէի հայութիւնը հաստատօրէն իր քուէն պիտի տայ Զահլէի Հայ Առաքելական աթոռի թէկնածու՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեանին: Ուստի՝ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հետ է, ժողովուրդի թեկնածուն Պրն. Ճորճ Փուչիկեանն է: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չի կրնար ժողովուրդին դէմ ըլլալ, հետեւաբար՝ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն ժողովուրդի թեկնածուին կողքին է:» Ապա, ան ներկայացուց Պրն. Ճորճ Փուչիկեանի կենսագրականը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Պրն. Ճորճ Փուչիկեանի հետ կատարուած հարցացրոյցի մը տեսաերիզը:

Գեղարուեստական յայտագիրով մը նաեւ հանդէս եկան Համզգայինի Գայեանէ Պարի դպրոցը եւ երգիչներ՝ Վիգէն Տիշչէքէնեան, Սերոբ Յակոբեան եւ Նժդէհ Պոտրումեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին, որոնք ազգային ու յեղափոխական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը:

Շատ կենսական է եւ անպայմանօրէն պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք այս ընտրութիւններուն, որպէսզի կարենանք ամբողջականօրէն տէր կանգնիլ մեր հայ համայնքի իրաւունքներուն եւ մեզի վերապահուած լիարժէք դերը կատարել ի նպաստ մեր սիրելի Լիբանանի վերելքին:

IMG1094
IMG1182
IMG1832
IMG1213
IMG1712
IMG2345
IMG2304
IMG1297
IMG2282
IMG2180
IMG1887
IMG2061
IMG1994
IMG1771
IMG2171
IMG1741
IMG2242
IMG1740
IMG1643
IMG1630
IMG1572
2
IMG1584
IMG1568
IMG1557
IMG1432
IMG1321
IMG1157
IMG2329

?>