Երեքշաբթի 29 Մայիս, 2018-ին Այնճար այցելեց խումբ մը «Armenia tv» պատկերասփիւռի կայանէն, որոնք վաւերագրական ժապաւէն մը կը պատրաստեն «հայերն ապրում են» յայտագրի համար: Նախ այցելեցին «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տուն, ուր դիմաւորուեցան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի կողմէ: Անոնք հանդիպում մը ունեցան «Կարմիր Լեռ» կոմիէտի անդամներուն հետ: Անկէ ետք, պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպի քաղաքապետարան, ուր հարցազրոյց մը նկարուեցաւ Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանին հետ:
Քաղաքապետարան այցելութենէն ետք անոնք այցելեցին Լ.Օ.Խ.-ի Ֆիլհաննէսեան կեդրոնը, Ընկհ. Լիզա Թիւմպէրեանի հետ հարցազրոյց մը նկարեցին Այնճարի մէջ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի գործունէութեան մասին:
Ապա, նկարիչներ՝ Ռուբէն Օտեան եւ Մեսրոպ Սարգսեան, որոնց կ'ընկերակցէր լրագրող ու խմբագիր Սուրէն Արեենց ուղղուեցան դէպի Ազգային «Յառաջ» Գ. Կուլպէնկեան վարժարան, ծանօթացան դպրոցին ու աշակերտներուն, եւ հարցազրոյց մը նկարեցին տնօրէն՝ Պրն. Արմէն Թաշճեանի հետ, ինչպէս նաեւ երկու աշակերտներու:
Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Աշոտ Քահանայ Գարագաշեան իր հետ նկարուած հարցազրոյցին մէջ նաեւ տուաւ անոնց տեղեկութիւններ Այնճարի մասին, յիշելով Մուսա Լերան հերոսամարտը եւ 18 նահատակները:
Պատուիրակութիւնը այցելեց Աղաճանեան Սանուց տունը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Տէր Ալիշան Քահանայ Աբարդեանի հետ, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանը ուր հանդիպեցաւ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանին:
Հարցազրոյցները վերջ գտան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով իր խօսքը փոխանցող ընկ. Ժագ Տաղլեանի հետ զրոյցով մը, որ նկարուեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տունէն ներս:



