Յունիս 4, 2018-ի Պէքաայի օդի աննպաստ պայմաններու եւ տեղատարափ անձրեւի ու յատկապէս կարկուտի հետեւանքով Այնճարի պարտէզներն ու բերքը կրեցին մեծ վնասներ։
Տեղին է յիշել, որ Այնճարի քաղաքապետարանն ու գիւղիս պատկան մարմինները արդէն իսկ դիմեցին որոշ կառավարական կեդրոններ, եւ յոյսով ենք որ կառավարութիւնը ճիգ չի խնայեր եւ շուտով օժանդակութիւն կամ հատուցում կը հասնի բոլոր հայրենակիցներուն որոնց բերքը վնասուեցաւ այս անակնկալ հոսանքէն։