Լուրերու Արխիվ

LOGO hy

 

Հայ դատի զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 42-րդ տարելիցը այս տարի իւրայատուկ ձեւով նշուեցաւ Այնճարի մէջ:

Արդարեւ հինգշաբթի, 31 մայիս 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, շրջանի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ֆութպոլի մրցում մը` նուիրուած Պետիկ Ինճէեանի յիշատակին:

Մրցումը կը համախմբէր ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի խումբի անդամներն ու ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի խումբը:

Մրցումը խորհրդանշական բնոյթ ունէր անոր համար, որ Պետիկ Ինճէեան եւ ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի խումբի լաւագոյն մարզիկներէն էր (1973-1974 թուականներուն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին), ե՛ւ մանաւանդ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերներէն էր:

Մրցումը տեղի ունեցաւ բարձր տրամադրութեամբ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Յատկանշական էր ներկայութիւնը գիւղի երիտասարդներու, սկաուտներու եւ արենուշներու, որոնք այդ օր եկած էին ո՛չ միայն քաջալերելու մասնակցող խումբերը, այլեւ յարգելու յիշատակը իր երիտասարդ կեանքը ազգին նուիրաբերած հերոս նահատակ Պետիկ Ինճէեանի:

Մրցումը վերջ գտաւ 2-1 արդիւնքով` ի նպաստ ԼԵՄ-ականներուն:

Աւարտին ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Պետիկ Հերկելեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Պետիկ Ինճէեանի ընտանեկան պարագաներուն: Յուշանուէրը ստանձնեց փոքրիկն Պետօ Թաշճեան:

Այս առիթով Լեւոն Թաշճեան իր սրտի խօսքը ուղղելով շեշտը դրաւ այն հանգամանքին վրայ, որ երբ Հայ դատի նահատակ զինուորը յաճախ կը յիշուի զանազան առիթներով, ասիկա կը նշանակէ, թէ ան կ՛ապրի իրերայաջորդ սերունդներուն մէջ եւ օրինակ կը ծառայէ նուիրուածութեան, անշահախնդրութեան եւ անկեղծ ծառայութեան` ի խնդիր հայ ժողովուրդի անկատար տենչերուն իրագործման:

Շարունակելով աւանդութիւնը` ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր նաեւ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 42-րդ տարելիցին նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւն, որ տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, յաւարտ սուրբ պատարագի: Ապա ԼԵՄ-ականներ այցելեցին գերեզմանատուն եւ ծաղիկ զետեղեցին նահատակին շիրիմին:''

 

34074343101561897492365788896641994768515072o
Bedig-Injeyan153118
33990076101561897523565788979222430480334848o
33990782101561897502765785174128452743200768o

?>