Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանանի շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Այնճարի մասնաճիւղին, Ուրբաթ 22 Յունիս 2018-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100 ամեակի փառատօն:
Առաջնորդութեամբ փողերախումբին, նախ տեղի ունեցաւ սկաուտական շարքերու տողանցք:
Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համալիրին դիմաց պաշտօնական ձեռնարկ:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց եղբ. Միսաք Բաբիսեան: Ան ըսաւ. «Զուգադիպութիւն չէ այսօր, թէ մենք կը տօնենք 100 ամեակը Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան: 100 տարիներ առաջ Հայաստանի անկախութիւնը կերտեցին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսները, ըլլան անոնք Արամ Մանուկեան, Դրօ եւ շատ շատեր:
Եւ դարձեալ 100 տարիներ առաջ Շաւարշ Քրիսեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան եւ Վահան Չերազ «Բարձրացիր Բարձրացուր» նշանաբանով հիմը դրին Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, որ կերտած է եւ կը շարունակէ կերտել սերունդներ, որ գիտեն ու պիտի պահեն հայկական արժէքներն ու սկզբունքները:» Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Սիրելիներ, եկէ'ք այսօր նորոգենք մեր ուխտը՝ մեր հաւատքի, մեր ազգի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի ուխտը, շարունակելով քալել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրներուն եւ Սարդարապատի հերոսներուն ուղիէն:»
Ապա, մասնաճիւղի արենուշներն ու պարմանուհիները ներկայացուցին պար մը:
Օրուայ պատգամը փոխանցեց եղբ. Վաչէ Նաճարեան: Ան ըսաւ. «Այն պահուն երբ Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանն ու անկախութիւնը կերտող հերոսները հիմը կը դնէին անխախ պետութեան, Պոլսոյ մէջ Քրիսեանի գաղափարներով եւ իրմով ներշնչուած Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան, Վահան Չերազ եւ ուրիշներ ծնունդ կու տային Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, որուն պիտի վստահուէր Հայ ժողովուրդին ծառայելու պարտականութիւնը: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բացառիկ թուականներ են 28 Մայիս, 1918-ը եւ 16 Նոյեմբեր, 1918-ը:» Ան շարունակեց. «Մարզանքն ու սկաուտութիւնը իբրեւ միջոց ունենալով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը 100 տարիներ շարունակեց ազգային պատկանելիութեան զգացում զետեղել հայ մանուկին մէջ, ազգային կնիքով դրոշմեց այս երիտասարդ սերունդները: 100 տարի կանգուն մնալ կը նշանակէ թէ յաջորդ տարիներուն ալ պիտի շարունակենք դաստիարակել նուիրեալ մարզիկներու եւ անձնուէր վարչականներու կամաւոր բանակ մը, պատրաստ ծառայութեան առանց ակնկալութիւններու:»
Օրուայ պատգամին յաջորդեց երգ, կատարողութեամբ մասնաճիւղի արծուիկներուն:
Սկաուտի խօսքը փոխանցեց եղբ. Գօգօ Քէնտիրճեան: Ան նշեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականը այն պահանջատէր հայն է, որ իր սկզբունքով ու գործունէութեամբ պիտի շարունակէ մեր դատն ու իրաւունքները յիշել, յիշեցնել ու պահանջել: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Դո'ւն յաղթական հայորդի, պայքարի'ր մինչեւ որ Սարդարապատի զանգերուն արձագանգը հասնի Մուշ, Կարս ու Վան: Մինչեւ որ սուրբ դրօշդ ծածանի բռնագրաւեալ հողին վրայ: Այո', վրէժի ջահակիրները տարազով Արարատի լանջերուն պիտի տողանցեն ու Արարատի գագաթին պիտի բարձրացնեն Եռագոյն դրօշը, Մեր Հայրենիք քայլերգով:»
Պաշտօնական ձեռնարկը վերջ գտաւ կենդանի պատկերով մը, պատրաստուած մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ:
Ապա, բազմութիւնը մեկնեցաւ «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան կից գտնուով բակը, ուր կազմակերպուած էր տօնավաճառ քերմէս: Բարձր Տրամադրութիւններով ներկաները նաեւ վայելեցին Հրաչ Կայծակեանը, որ երեկոյն երգերով աւելի եւս ճոխացուց:
Վարձքը Կատար բոլորին: