Շնորհաւորանք
Շաբաթ 28 Յուլիս 2018-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ասատուր Մալգըճեանի և Շողեր Թասլաքեանի Սուրբ Պսակը:
Այս ուրախ առիթով, կը շնորհաւորենք նորապսակ զոյգերը մաղթելով իրենց երջանկութիւն:
Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթ պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 7 Յուլիս 2018ին Ճաշարան " Նապաա Այնճար"ի մէջ, հովանաւորութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան և նախագահութեամբ Տէր և Տիկ. Կարպիս և Զարուհի Պուչաքճեաններու։ Ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ երգչուհի Սարինա Քրօս մասնակցութեամբ իր նուագախումբին և պուզուքիստ Յակոբ Շաննաքեանի։
Ձեռնակի բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ 2017-2018 տարեշրջանի շրջանաւարտներու մուտք ապա երկու կարկանդակներու հատում. Առաջինը` նուիրուած շրջանաւարտներուն, իսկ երկրորդ կարկանդակը` Պր. Կարպիս Պուչաքճեանի շրջանաւարտ ըլլալու 50րդ ամեակի առթիւ։
Կը շնորհաւորենք Մեր 2017-2018 տարեշրջանի շրջանաւարտները և կը մաղթենք բարի երթ դէպի փայլուն ապագայ։
Կազմակերպութեամբ՝ Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի Ծնողաց Խորհուրդին, Շաբաթ 14 Յուլիս 2018-ին, վարժարանին շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ: Մուսա Լերան աւանդական ուտեստեղէնի ճոխ սեղանները, խաղերու այլազանութիւնն ու ազգային երգերու եւ ազգագրական պարերու մթնոլորտը տօնավաճառը վերածած էին տոհմիկ հաւաքոյթի մը: Հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերով օրուան մթնոլորտը ճոխացուց Նժդեհ Պոտրումեան:
Վարձքը կատար Ծնողաց Խորհուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսացան այս ձեռնարկի յաջողութեան:
Կիրակի, 15 յուլիս 2018-ին Հարամուն գիւղի մարաթոնի միութիւնը կազմակերպած էր 10 քմ վազքի մրցում մը` հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող Հարամուն գիւղին մէջ տեղի կ՛ունենար 10 քմ վազքի մրցումը` հինգերորդ տարին ըլլալով:
Սոյն մրցումին կը մասնակցէին շրջանի մարզական ակումբներ, վարժարաններ, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու զինուորները: Կային նաեւ մարզիկներ օտար երկիրներէ, ինչպէս` Յորդանան, Սուրիա եւ այլն: Լիբանանեան բանակի մարզիկներն ալ ներկայ էին:
Վազքի այս մրցումին Լեւոն Թաշճեան կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը` հինգերորդ անգամն ըլլալով:
Մրցումը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, լիբանանեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի զոյգ քայլերգներով` Հարամունի Սուք Խան շրջանէն: Մարզիկները (երկսեռ), որոնք աւելի քան 2000 հոգի էին, խանդավառօրէն շրջեցան Հարամունի լեռները, եւ մրցումը վերջ գտաւ նոյն վայրին մէջ: Մրցումի աւարտին գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր` ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորներուն մասնակցութեամբ: Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:
Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը, 10 քմ վազքը աւարտեց 55 վայրկեանէն եւ իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը: Ան իր մետալը ստացաւ ձեռամբ լիբանանեան բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ զօր. Մոհամետ Զէյնի:
Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան (Վարդավառ) տօնին առիթով, Կիրակի, 8 Յուլիս, 2018-ին, յաւարտ Ս. եւ անմահ Պատարագին, Այնճարի «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, արարողակարգի յաջորդականութեամբ տեղի ունեցաւ այս տօնին առնչակից բազմատեսակ աւանդութիւններ եւ հարազատ ծէսեր (Անդաստան, ձմեռուկի խաղ, խորոված խնձոր, թմփուկ զուռնայ եւ պար, ջրացան, վարդ, վառ...):
Ներկայ էին գիւղիս ամենատարեցը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՀԵՀՈՄական երիտասարդութիւնը:
Այնճարցիները այս տարի Վարդավառը յատուկ կերպով տօնեցին, որ հայկական հնագոյն արմատներ, զանգուածային բնոյթ եւ գրաւչութիւն ունեցող ամառնային տօներէն մէկն է: