ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ս. Աստուածածնայ տօնը Կիրակի, Օգոստոս 13ին աւանդական շուքով նշուեցաւ Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Զանազան երկիրներէ, ինչպէս՝ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Հոլանտայէն եւ Գանատայէն, նաեւ Պոլիսէն բազմաթիւ հաւատացեալներ Վագըֆ գացած էին։
Արարողութիւններուն հանդիսապետեց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան։ Արարողութիւններուն մասնակցեցաւ Տրդատ քհնյ. Ուզունեան, իսկ պատարագը մատոյց տեղւոյն քահանայ հայրը՝ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան։
Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։ Ներկայ ժողովուրդին խաղող եւ հերիսայ բաժնուեցաւ։
Նախորդ գիշեր, Շաբաթ օր, ներկաները հաւաքուեցան Վագըֆ գիւղը, ուր սարքուեցաւ ճաշկերոյթ ու խրախճանք կազմակերպուեցաւ այս առթիւ։ Կաթսաներու մէջ եփուեցաւ հերիսան՝ յաջորդ օրը ժողովուրդին բաժնուելու համար։ Գիշերուան փայլը աւելցուց երգիչ Պարթեւը, որ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց իր երգերով ու նուագներով։ Ժողովուրդը կրակին շուրջ պար բռնեց՝ տօնական մթնոլորտի մէջ։
Նշենք, որ Գարեգին արք. Պէքճեան Ուրբաթ օր մեկնեցաւ Վագըֆ, նախագահելու համար եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեանց։
Տեղապահ սրբազանը գիւղի մուտքին դիմաւորուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ։ 40-50 հոգինոց ուխտաւորներու խումբ մը տհոլ-զուռնայով ու շուրջպարով դիմաւորեցին Գարեգին սրբազանը։ Սրբազանը «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս ու կատարեց իր ուխտի աղօթքը, որմէ ետք ան վագըֆցիներուն հետ մէկտեղուեցաւ ընթրիքի սեղանի շուրջ։
Շաբաթ օր, սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, ուխտաւորները նաեւ այցելեցին Մուսա լերան ու շրջակայքի նախկին հայաբնակ գիւղերը, ընկերակցութեամբ Վագըֆ գիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդուհի Քիւչիւքմսըրլեանի։