Կազմակերպութեամբ համազգայինի Այնճարի 《Պ. Սեւակ》 մասնաճիւղին 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին 《Սարգիս Զէյթլեան》 կեդրոնի 《Մովսէս Տէր Գալուստեան》 սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յուշ Երեկոյ նուիրուած Շարլ Ազնաւուր֊ի ։
Ներկաները յոտնկայս մէկ վարկեան լրութեամբ յարգեցին աշխարահռչակ երգիչի լոյս յիշատակը:
Դոկտ. Թամաբ Յովհաննիսեան ներկայացուց Շարլ Ազնաւուրի կեանքի և ստեղծագործութեան կարեւոր, յետաքրքրական փաստերը: Ետքը լեցուն սրահը մեծ ոգեւորութեամբ լսեց Շարլ Ազնաւուրի համերգը տեսաերիզով: Այդպիսով նաև Այնճարը վկայ է որ անմահ է Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը:





