《Դաշնակցութիւնը իր տարեդարձը երբեք չէ նշած առանձին, որովհետեւ երբեք չէ ապրած ու գոյատեւած առանձին:
Դաշնակցութիւնը` 128-ամեայ, իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին անսասան եւ անկոտրում ապաւէնը եղած է իր ժողովուրդին, որմէ ստացած է իր ուժը, հաստատակամութիւնը եւ, ամէն տեսակի խոչընդոտներ շրջանցելով, միշտ յառաջացած է վճռակամ:
Դաշնակցութեան հարստութիւնը նիւթը չէ եղած երբեք, Դաշնակցութեան հարստութիւնը իրեն հաւատացող, իրմէ արդար ակնկալութիւն ու պահանջ ունեցող, իրմէ կարելին ու անկարելին սպասող, պայծառ ու ամպամած օրերուն իր կողքին եղող թանկագին ժողովուրդն է: 》
Ուրբաթ` 7 դեկտեմբեր 2018-ին երեկոյեան ժամը 5:30-ին Այնճարի զանազան մարմիններու միութիւններու անդամներ, և մեծ թիւով հայրենակիցներ հաւաքուեցան գիւղիս «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն ուրկէ փոխադակառքերով ուղղուեցան դէպի «էմիլ Լահուտ» սրահ և մասնակցութիւն բերին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 128- ամեակի տօնակատարութեան, հաստատելու, որ ինք տէրն է Դաշնակցութեան, որ երբեք առանձին պիտի չմնայ, որքան ալ փոխուին ժամանակներն ու պայմանները:
Այո՛, կրկին Դաշնակցութեան հաւատարիմ լիբանանահայութիւնէն մէկ ճիւղն է Այնճարը, որ եկած է շնորհաւորելու կուսակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը:
Կեցցէ՝ Այնճարը, կէցցէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։















