Կիրակի 6 Յունուար 2019-ին, Այնճարի Հայ Առաքելական համայնքը նշեց Սուրբ Ծննդեան տօնը, «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ:
Արդարեւ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն Սուրբ և Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Տէր Միւռոն Գհնյ. Աւետիսեան քարոզեց ներկաներուն ծնունդի խորհուրդին մասին, ու մաղթեց բոլորին խաղաղութիւն ու բարեբեր տարի մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք. Աւարտին բոլոր հաւատացեալ ժողովուրդը եկեղեցական թափորով ուղղուեցան դէպի 《Գ. Կիւլպէնկեան》 սրահ, ուր տեղի ունեցաւ երգեցողութիւն և հիւրասիրութիւն։
Այնճարի Հայ Աւետարանական համայն ալ նշեց Ս. Ծննդեան տօնը։ Եկեղեցւոյ մէջ Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը, մասնակից դառնալու Սուրբ Ծննդեան պաշտամունքին որ կատարեց Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը և բոլորին ողջունեց Սուրբ բրկիչին գալուստով մաղթելով բոլորին յաջողութիւն կեանքի մէջ, ուրախութիւն և արեւշատութիւն. Պաշտամունքէն ետք եկեղեցւոյ «Չանից» սրահին մէջ, ներկաները տօնական հիւրասիրութեամբ շնորհաւորեցին Քրիստոսի Ծնունդն ու իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին զիրար:
Քրիստոս ծնաւ և յայտնեցաւ, օրհնեալ է յայտնութիւնը քրիստոսի։