Շաբաթ 5 Յունուար 2019֊ին կէս գիշերուայ ժամը 12։30֊ին ըստ աւանդութեան, Հ.Յ.Դ. 《Կարմիր Լեռ》 կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբը ձեռնարկած էր Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ ժողովրդային հաւաք Այնճարի կեդրոնական հրապարակի կողքին գտնուող մսուրին դիմաց՝ յետ եկեղեցւոյ արարողութեան, որմէ ետք ժողովուրդը ուղղուեցաւ 《Ս. Զէյթլեան》 կեդրոն ուր գիւղիս հոգեւոր հայրերը իրենց բարեմաղթութիւնները կատարեցին, և տեղի ունեցաւ Ս. Ծնունդի երգեցողութիւն.
Ապա ներկաներուն հրամցուեցաւ տօնական խորհուրդը ներկայացնող հիւրասիրութիւն մը, ու հայրենակիցները իրարու բարեմաղթութիւններ փոխանցելով մեկնեցան կեդրոնէն: