Չորեքշաբթի 20 Փետրուար 2019-ին առաւօտեան ժամը 10։30-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն այցելեց Լիբանանի մէջ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան ՝Վահագն Աթաբէկեան, որուն կ՝ընկերակցէր դեսպանատան Գ. Քարտուղար Տիար՝ Դաւիթ Ալաբերդեան։
Այցելութեան ներկայ էին գիւղիս պատկան մարմինները. Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ընկերները, քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, գիւղիս 3 եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, թաղական խորհուրդներն ու տիկնանց միութեանց և Լ.Օ.Խ. -ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամները, և գիւղիս մէջ գործող զանազան միութեանց վարչութիւնները:
Ան դիմաւորուեցաւ Հայկական աւանդական աղ ու հացով, ապա կեդրոնի «Զաւէն Թաշճեան» սրահէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ միութեանց ներկայացուցիչներուն հետ, հանդիպման աւարտին պրն. դեսպանը պարգեւատրուեցաւ Յուշանուէրով մը:
Ապա դեսպանը ներկաներուն հետ ուղղուեցաւ դէպի «Հ.Մ.Ը.Մ.»-ի մարզահամալիր, Լ.Օ.Խ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոն և դարմանատուն, Հայ կաթողիկէ «Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր» եկեղեցի, «Պօղոս Սնապեան»-ի տուն թանգարան, Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարան ու եկեղեցին, քաղաքապետարան, «Պօղոս Ղուկասեան» պուրակ ուր տեղի ունեցաւ ծառատնկում: Ապա բոլորը միասնաբար այցելեցին Ազգային «Յառաջ» և «Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան, Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիր ու «Ս. Պօղոս» եկեղեցի և մօտէն ծանօթացաւ Այնճարի և անոր պատմութեան մասին։
Այցելութեան աւարտին եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր մը ուր զոյգ վարժարաններու աշակերտները հանդէս եկան երգեցողութեամբ, ասմունքով, նուագով, և պարով։
Աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ, մեծայարգ պրն. Դեսպանը մեծ հիացումով անդրադարձաւ Այնճարի հայեցի դիմագիծի պահպանման համար տարուող աշխատանքներուն: