Երկուշաբթի 18 Յունիս 2019֊ին 《Ս. Զէյթլեան》 կեդրոն այցելեցին Հըզպալլայի Պէքաայի պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը ընկերակցութեամբ Երեսփոխան Անուար Ժէմաա֊ին, ուր հանդիպում մը ունենալով Հ.Յ.Դ. 《Կարմիր Լեռ 》կոմիտէին հետ ընկեր քաղաքապետին ներկայութեամբ, արծարծուեցան շրջանի հետ առնչուող հարցեր ու մտահոգութիւններ։