Լուրերու Արխիվ

Կիրակի, 28 յուլիսին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցումէն ետք, եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցաւ Անդաստան եւ աղաւնի թռցնելու արարողութիւն: Ապա յուշարձանի համալիրին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններուն:

Բացման խօսքով Ռիթա Լագիսեան ողջունելէ ետք ներկաները ընդհանուր ծանօթացում մը կատարեց ներկաներուն Այնճարի 80-ամեայ պատմութեան` ըսելով. «17 յուլիս 1939-ի վարդավառի տօնին, մուսալեռցին կամաւորաբար լքեց իր հայրենի հողն ու տունը, դժուար պայմաններու մէջ գաղթեց եւ 13 սեպտեմբերին հասաւ Այնճար, ուր յաջողեցաւ կարճ ժամանակի մը մէջ Այնճարը դարձնել իր երկրորդ տունը` հայրենիքը, հասցնելով իր այսօրուան բարգաւաճ վիճակին, շնորհիւ իր կազմակերպուածութեան եւ համատեղուած աշխատանքին»: Լագիսեան իր խօսքի աւարտին շեշտը դրաւ մուսալեռցի մամիկներուն եւ պապիկներու երազին իրականացման վրայ եւ ըսաւ. «Մենք յարատեւօրէն եւ հաստատակամօրէն պէտք է մեր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործենք ի նպաստ մեր գիւղի բարգաւաճման, հայապահպանման եւ երազներու իրականացման»:

Ապա խօսք առաւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինի նախագահ Վարուժան արք. Հերկելեան` ըսելով. «Այնճար առաջին ոտք դնողները ճիշդ 80 տարիներ առաջ, մեր հայրերն ու մայրերը, պապիկներն ու մամիկները, ահաւոր զոհողութիւններով` քրտինքով ու երբեմն արիւնով  կերտեցին այս հայաւանը: Անոնց զաւակները` մենք, բազմապիսի երեւելի եւ աներեւոյթ դժուարութիւններու ու  չարիքներու հանդիպեցանք, մասամբ ցրուեցանք, բայց չկորսնցուցինք մեր նախնիներուն հաւատքը եւ վստահ ենք, որ բոլորիս սրտերուն մէջ կ՛ապրի ու պիտի ապրի այս գիւղը, բանաստեղծական բնութագրումով` «Մեր սիրտը մեր գիւղին մէջ, մենք ենք մեր գիւղը»:

Իր խօսքի աւարտին սրբազանը իր պատգամը ուղղեց Այնճարի եւ այնճարաբնակ երիտասարդ – երիտասարդուհիներուն` ըսելով. «Դո՛ւք եւս պահեցէք այս հողը, հողին առողջութիւնը:  Տուէ՛ք անոր ծառին ու ծաղիկին հայեցի բոյր ու բուրմունք, հոտ ու համ: Անցորդները այս օտար ափերուն կը տեսնեն ու կը վկայեն. «Այստեղ անցած է եւ հոս կանգուն կը մնայ հայը»:

Ապա Վարդավառի խորհուրդը ներկայացնելէ ետք Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան  ըսաւ. «Երկու տարի է արդէն Այնճարի մէջ մեծ տօնախմբութիւն կը կազմակերպէ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը` առկայծ պահելու Մուսա լերան եւ համահայկական աւանդութիւնները, մշակոյթն ու սովորութիւնները: Կեցցէ՛ մուսալեռցի հայ ժողովուրդը, որ Հայաստանէն հեռու կ՛ապրի, սակայն Հայաստանը կ՛ապրեցնէ իր սրտին մէջ` ի պայծառութիւն հայ ազգին, հայ եկեղեցւոյ եւ գալիք լուսաւոր ապագային: Շնորհաւո՛ր Վարդավառ, ապրի՛ն հայ ազգի մեր զաւակները… »:

 

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց կարգ մը երգեր` ընկերակցութեամբ ներկայ բոլոր հայրենակիցներուն, որմէ ետք Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան խօսք առաւ ու հաստատեց. «Այսօրուան աւանդական երգերը, Վարդավառի այս շքեղ տօնահանդէսը կու գան վկայելու, որ հայ ժողովուրդը, այո՛, դարերով ժառանգած իր աւանդութիւնները կը շարունակէ տանիլ դէպի ապագայ: Մուսալեռցի մեր մայրերուն  ու հայրերուն ներկայութիւնը այստեղ եւ իրենց ներկայութեամբ, ներկայ երեխաներու այս ուրախ ու զուարթ կանչերը, մեր պատասխանն են բոլոր անոնց, որոնք միշտ կը փորձեն հայ ժողովուրդը ծունկի բերել»: Ապա ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, ես կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Լիբանանի իշխանութիւններուն, Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին, որոնք հարիւր տարի առաջ օգնած են Ցեղասպանութենէ ազատած կարիքաւորներուն եւ 80 տարի առաջ ընդունած են Մուսա լեռէն ազատած հայորդիները»: Աւարտին դեսպանը ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Վարդավառի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեայ տօներուն առիթներով:

Ապա Մուսա լեռէն ականատեսի վկայութիւններով հանդէս եկան Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան, Զապել Քենտիրճեան եւ Սարգիս Այնթապլեան: Այնուհետեւ «Շուշանեան» կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ելոյթ ունեցան շուրջպարով մը, որմէ ետք խաղցան աւանդական խաղեր, ապա ժողովուրդը շուրջպար բռնեց թմբուկ-զուռնայի ընկերակցութեամբ: Հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:

 

0K5A3096
6729866129066355327116644108150675483918336n
6758961929066370993781745842385768697298944n
0K5A3218
6747487429066392527112925250519127616913408n
6772310829066385593780281707565730012069888n
6760096129066395427112637686293878311223296n
0K5A3247
0K5A3240
0K5A3165
6768923229066410560444456216647917495648256n
6729599129066407127111461015284853790212096n
6794110329066402760445236377415350908092416n
6729599229066399627112216492095796664598528n
675121152906641289377755180724986795786240n

?>