Լուրերու Արխիվ

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 2 Օգոստոս 2019-ին տեղի ունեցաւ մարզամշակութային փառատօն, որ սկիզբ առաւ ժամը 4:30-ին, պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի վեթերան խումբերու մրցումներով, ապա, առաջնորդութեամբ փողերախումբին, տեղի ունեցաւ սկաուտական շարքերու տողանցք, որուն յաջորդեց պաշտօնական ձեռնարկ` ՀՄԸՄ-ի համալիրին դիմաց: 

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սեպուհ Պոյաճեանը: Ան ըսաւ. «Մուսա Լերան ժողովուրդը Այնճարի հիմնադրութեան առաջին իսկ տարին կարիքը զգալով ՀՄԸՄ-ին` հիմնեց մասնաճիւղը, որ իր կարգին դաստիարակեց սերունդներ` անոնց մէջ թրծելով հայկական ու մարզական ոգին»: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր շուրջ համախմբեց Մուսա Լերան բոլոր սերունդները` անոնց տալով առողջ միտք եւ առողջ մարմին: Առ այդ որպէս Այնճար հայաւանի ՀՄԸՄ-ականներ` կոչ կ’ուղղենք բոլորին, որ տէր կանգնին այս գիւղին, պահպանեն զայն ամէն տեսակի փորձանքներէն եւ անունը բարձր պահեն պապերու քրտինքով կերտուած այս չքնաղ հայաւանին»:

 Այնուհետեւ մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին տարբեր տեսակի բուրգեր եւ պարեր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մետալներու բաշխում` վեթերան խումբերուն, որոնք մասնակցեցան ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խաղերուն, ապա Այնճարի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց նուագներու շարք մը:

Օրուան պատգամը տուաւ Մարօ Թազեանը: Ան ներկայացնելէ ետք ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի պատմականը` Ցեղասպանութենէն մինչեւ օրս, ըսաւ. «Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը գիւղի երկսեռ երիտասարդութեան համար կը դառնայ հոգեկան եւ ֆիզիքական կրթութեան ազգային օճախ մը, որ իր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ առողջ սերունդներ պատրաստելու առաքելութեան մէջ»: Ան շարունակեց. «80 տարիներ անցած են այդ օրերէն, տարիներու երազանքները դարձած են իրականութիւն, եւ ահա այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք նորակառոյց այս համալիրին: Կառոյց մը, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի եւ մանաւանդ Այնճարի մասնաճիւղին հպարտանքն է: 80 տարիներ ետք Այնճարի հիմնադրութենէն եւ ահա ՀՄԸՄ Այնճարը երիտասարդ է, եւ մենք բոլորս ունինք պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն, որպէսզի զայն պահենք միշտ երիտասարդ»: Ան իր խօսքը աւարտեց ու ըսաւ. «Այնճարի 80-ամեակի այս հաւաքը շարժառիթ մը թող ըլլայ 80 տարիներու անդարձ, բայց միշտ ապրող էջերը թերթատելու, յստակ հայեացքով դասեր քաղելու եւ հաստատ քայլերով շարունակելու դէպի նոր հորիզոններ, դէպի 100-ամեայ Այնճար` նոյն վճռակամութեամբ, նոյն հաւատքով եւ ամբողջական նուիրումով»:

Աւարտին, Կրէյս Գալուստեանը պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Մուսա Լեռ-Այնճարի անցեալն ու ներկան իր առաքելութեան արշաւանքին մէջ, ապա խօսքը աւարտեց` հետեւեալով. «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»:

Պաշտօնական ձեռնարկը վերջ գտաւ Այնճարի աւանդական  թմբուկ-զուռնայով: Ապա բազմութիւնը մեկնեցաւ «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան կից գտնուող բակը, ուր կազմակերպուած էր տօնավաճառ-քերմես:

 

Ainjar0K5A3660-730x487
6740305329202525813499595583141353732177920n
6755034129202520880166755384753928111915008n
Ainjar0K5A3626
Ainjar0K5A3671
6741542929202625113489663691567357764829184n
6852034129202634180155424836075588374495232n
6740261829202620180156826841593980077998080n
6770101929202610146824496991937046826713088n
Ainjar0K5A3735
Ainjar0K5A3675
6743900829202629513489226379073225464217600n
Ainjar0K5A3747
6847606329202639980154843559195245931397120n
Ainjar0K5A3765
675572772920266458015238549357451376328704n

?>