Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Վարդարանի Տիրամօր եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին տեղի ունեցան վերափոխեալ Ս. Աստուածածինի տօնակատարութիւնները:
Բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 17 օգոստոսին, աւանդական տօնավաճառով: Եկեղեցւոյ բակին մէջ կը վաճառուէին զանազան տեսակի աւանդական համեղ ուտելիքներ, իսկ անդին երիտասարդներ զբաղած էին հերիսայի պատրաստութեամբ: Կիրակի, 18 օգոստոսի առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Օրուան պատգամը տուաւ Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան: Պատարագի աւարտին հայր Մեսրոպ, շրջապատուած հաւատացեալներով, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարեց խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւնը: Եկեղեցւոյ բակը լեցուցած ուխտաւորներուն մէջ տիրական էր երիտասարդներու ներկայութիւնը: