Լուրերու Արխիվ

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ

– Happy birthday to you, happy birthday to you…

1975: Երեք տարեկան եղբայրս է, մեծ հօրս գերեզմանին առջեւ, փորիկը դուրս ցցած, սգաւորներու վառած մոմերուն ի տես, հանդիսաւորապէս կ՛երգէ տարեդարձի իր երգը… Մանուկի իր տրամաբանութեամբ,  մոմ կը վառեն միայն ծննդեան ուրախ տարեդարձներու ժամանակ…

Սգակիրները կը ժպտին, կը հրճուին, տարելիցի տխուր մթնոլորտը կը թեթեւնայ անմեղ փոքրիկին երգով:

Եւ այսպէս, մանուկ օրերէս, ծնողքիս առաջնորդութեամբ, տաղաւարներու մեռելոցներուն, գրեթէ առանց բացառութեան, ձմրան բուքին, թէ ամրան տօթին, այցի կ՛երթայինք Այնճարի գերեզմանատունը հանգչող Մուսա Լերան հերոսամարտի  առաջամարտիկ-հերոս Մարկոս մեծ հօրս շիրիմին խունկ ու մոմ վառելու…

Տարիներ այս սովորութիւնը շարունակուեցաւ, ապա աւելցան ընտանիքի այլ անդամներու գերեզմանները. նախ` Մայրում մեծ մայրս, յետոյ` հօրեղբայրս, իր կինը:

Յատուկ երկիւղածութեամբ հայրս մոմ վառել կու տար նաեւ մուսալեռցի վաղամեռիկ բանաստեղծ Եդուարդ Պօյաճեանի շիրիմին…

Եդուարդ Պօյաճեանին շիրիմը իւրայատուկ հմայք մը ունէր մանկական յիշողութեանս մէջ: Կիսանդրի մը կար հոն, պրոնզէ կիսանդրի մը, որ անուշ ժպիտով մը մեզի կը նայէր, իսկ խնամուած շիրմաքարը եզերուած էր շղթաներով, բան մը, որ հազուադէպ էր այդ օրերու փոշոտ եւ պարզունակ գերեզմանատան մէջ:

Տխուր էր այն օրը, երբ գերեզմանոցէն գողցուեցաւ Պօյաճեանի պրոնզէ կիսանդրին եւ գերեզմանը կորսնցուց իր երբեմնի վեհաշուք փայլքը, սակայն այդ մէկը չխանգարեց շարունակելու մեր ուխտը` խունկ ու մոմով…

2015 թուականին, Եդուարդ Պօյաճեանի ծննդեան 100 եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակներուն զոյգ առիթներով, Մեծն բանաստեղծին կիսախարխուլ գերեզմանը վերանորոգուեցաւ` շնորհիւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ օրուան թաղական խորհուրդին, գլխաւորութեամբ քահանայ հայրերուն: Բաց մատեան մը յիշեցնող մարմարեայ շիրմաքարին բացման արարողութիւնը յուզիչ էր: Մտաբերեցի հայրս, որ արդէն տարիէ մը ի վեր առյաւէտ բաժնուած էր մեզմէ եւ թաղուած` քիչ անդին… Որքա՜ն պիտի հրճուէր, կը մտածէի, իր ուսուցիչին եւ գործակիցին համար կատարուած այս մեծարանքին համար…

Եդուարդ Պօյաճեանի քառասունքին, խումբ մը բարեկամներ շիրիմին շուրջ, 27 նոյեմբեր 1966

Եդուարդ Պօյաճեանի մահուան քառասունքին առիթով կատարուած հոգեհանգստեան արարողութիւնը եւ անոր յաջորդած բանաստեղծին հողաթումբին տրուած այցելութիւնը կրնայ սովորական թուիլ: Սակայն այս մասին վկայող յատկանշական  լուսանկար մը կայ «Բագին» ամսագրի 1967-ի հինգերորդ համարին մէջ: Առաջին հերթին` խոշոր քարերով ծածկուած գերեզմանը, ապա` Պէյրութէն եւ Այնճարէն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցող սգակիրները, այնուհետեւ, ետեւը կ՛երեւի այդ օրերու գերեզմանատան տարածքը` առանց ծառի, լերկ, հողոտ, ցեխոտ ու տմոյն տեսքով: Այնքա՜ն պատմութիւն մէկ լուսանկարի մէջ…

Այսօր Այնճարի գերեզմանատունը այն մահաբոյր ու ահասարսուռ վայրը չէ, որ 1000-է աւելի զոհեր խլած է գաղթականութեան առաջին օրերուն… Հոգիներ, որոնք առանց դագաղի եւ շատ անգամ աղքատութեան իբրեւ հետեւանք` թաղուած են առանց արձանագրութեան… Այսօր, կանաչազարդ Այնճարի ծայրամասին, լերան կողին, եզերուած բարձր եւ մշտադալար ծառերով, բարեզարդուած է անիկա յատուկ խնամքով. կոկիկ դամբարաններ, ասֆալթապատուած եւ  թուագրուած արահետներ:

Այնճարի գերեզմանատան մէջ, իրարմէ ոչ շատ հեռու, կը հանգչին Մուսա Լերան հերոս ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն` Եդուարդ Պօյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը:

* * *

Հիմա, որ արդէն չկաս, հա՜յր իմ, բարի՜ եւ անուշ, Այնճարի գերեզմանատունը ուխտավայրի մը վերածուած է ինծի համար. տաղաւարներու մեռելոցներուն չեմ սպասեր այլեւս հոն երթալու, այլ կ՛երթամ, երբ որ ուզեմ, կ՛երթամ` հաղորդուելու քեզմով, այնտեղ տիրող խաղաղ ու հոգեպարար մթնոլորտին մէջ:

Մօտ ատենէն պիտի կառուցուի մարմարեայ շիրիմդ եւ անշուք գերեզմանաքարդ պիտի փոխարինուի գեղակերտ դամբարանով:

Այնճարի ութսունամեայ երթին առիթով թող այս երկտողը խնկաբոյր յիշատակ մը ըլլայ քու եւ հոն ննջող յայտնի թէ անյայտ հոգիներուն…

Այնճար, 5 սեպտեմբեր 2019

?>