Լուրերու Արխիվ

Հետեւելով Այնճարի աւանդութիւններուն Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակի ոգեկոչման եւ Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկներու աւարտին, կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան սուրբ եւ անմահ պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին մատուցած Ս. պատարագի աւարտին, ան պատգամ ուղղեց եկեղեցւոյ  թէ շրջափակին մէջ համախմբուած հաւատացեալներու հոծ բազմութեան` արժեւորումը կատարելով Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակի ոգեկոչման ու Մուսա լեռ – Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկներուն եւ այս առիթով արտասանուած պաշտօնական կեցուածքներուն:

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ կեդրոնացաւ Այնճարի հիմնադրութեան խորհուրդին վրայ եւ ըսաւ. «Այս տարուան Խաչվերացի տօնը պատմական նշանակութիւն ունի Մուսա լեռ- Այնճարի պատմութեան մէջ, որովհետեւ մենք կը  տօնախմբենք Մուսա լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակը եւ այդ շրջագիծին մէջ կը տօնենք Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակը»: Պատմական յետադարձ ակնարկով սրբազան հայրը վերյիշեց հայոց պատմութեան երանելի տարիները եւ ըսաւ. «Երանելի տարիներուն հայ ժողովուրդը Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ կ՛ապրէր իբրեւ հող եւ ժողովուրդ, եւ շատ լաւ գիտէք, թէ  յատկապէս 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ դարձանք աշխարհասփիւռ ժողովուրդ, նաեւ կորսնցուցինք մեր պատմական հայրենիքը»: «Այսօր ճիշդ է, որ մենք ունինք Մուսա լեռ – Այնճարը` Լիբանանի հիւրընկալ եւ ասպնջական հողին վրայ, սակայն մենք մեզ կը նկատենք ժառանգորդները մեր հերոսներուն, եւ Այնճարը կը մնայ այն կտոր մը հողաշերտը, որ մեզ յաւիտենական կապի մէջ կը պահէ մեր կորսնցուցած, բայց վերատիրանալիք հայրենիքին», ընդգծեց առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով. «Այսօր Այնճարը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք նոյնիսկ եթէ ֆիզիքապէս զրկուած ենք մեր սրբացած հայրենիքէն, սակայն ուր որ ալ գտնուինք, կը ստեղծենք մեր հոգեւոր հարենիքը, մեր մշակութային հայրենիքը, մեր գաղափարական հայրենիքը` իբրեւ վկայութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան  շարունակականութեան», շեշտեց Նարեկ սրբազան:

Առաջնորդ սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ խաչի խորհուրդին, որ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ այս բոլորին մէջ` ընդգծելով, որ խաչը դարձաւ մեր փրկութեան ճանապարհը: «Ինչպէս որ խաչը խաչեալով իմաստ ստացաւ, նաեւ մեր ժողովուրդի շարունակական երթը իմաստ կը ստանայ նուիրեալ, հերոսական մարդոցմով, մարդիկ, որոնք իրենց անձէն վեր կ՛ապրին վասն հաւաքականին, վասն ազգին», ըսաւ Նարեկ սրբազան: Ան դիտել տուաւ, թէ մեր ճարտարապետական գործերուն վրայ խաչը կայ,  բայց խաչեալը չկայ, այնպէս ինչպէս մեր ժողովուրդը չկայ իր հողին վրայ: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ամեակ առիթ է խորհրդածելու, եւ բոլորս հարց պէտք է տանք, թէ իւրաքանչիւրս ի՞նչ պիտի ընէ յաջորդ հնգամեակին,10-ամեակին, 80-ամեակին եւ յաւերժութեան դիմաց:

«Ահաւասիկ ա՛յս է մեզի ուղղուած 80-ամեակի պատգամը, որ այս եկեղեցւոյ սրբազան գմբէթէն կը հնչէ Քրիստոսի հետ ըլլալու եւ Քրիստոսի հոգատարութիւնը վերածելու առաքելութեան մեր հոգեւոր եւ ազգային կեանքին մէջ», ընդգծեց առաջնորդ սրբազանը` թելադրելով, որ ա՛յս միտքով, ա՛յս հաւատամքով յիշենք մեր նահատակները, մեր հերոսները եւ միաժամանակ աղօթենք, որ իրենց ուխտի գիտակցութիւնը վերարծարծի մեր մէջ:

Պատարագի աւարտին հոգեւոր հայրերն ու երգչախումբի անդամները դուրս եկան եկեղեցիէն երգելով «Կիլիկիա» մաղթերգը: Անոնց կը հետեւէր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, որ միաժամանակ ձայնակցելէ ետք քայլերգին, իր կարգին սրտաբուխ ոգեւորութեամբ միաբերան երգեց «Մուսա լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք, անտանելի նեղութիւններ կրած ենք…», ու բոլորը միասնաբար ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու յուշահամալիր, ուր հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ նահատակներու հոգիներուն: Ապա առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ հոգեւոր հայրերը կատարեցին աւանդական «Հերիսայի» մատաղի օրհնութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալները խոր երկիւղածութեամբ մի առ մի ներկայացան եւ ստանձնեցին օրհնուած մատաղի իրենց բաժինը:

?>