Խորհրդաւոր է այս պահը: Հաւաքուած ենք կատարելու, վեհափառի օրհնութեամբ, Այնճար հայաւանի ազգային վարժարանի հիմնադիր ու անոր առաջին տնօրէն Գրիգոր Գուտուլեանի հարթաքանդակի բացումը: Գրիգոր Գուտուլեան հայ դպրութեան ու կրթութեան սպասաւոր, հասարակական գործիչ, իր համեստ նկարագրով, ահաւասիկ 75 տարիներէ ետք կու գայ իր արժանաւոր տեղը ունենալու այս գիւղի բարձունքին վրայ: Մեր պատմութիւնը հարուստ է խոնարհ հերոսներով, ինչպէս նաեւ` խոնարհ հասարակական գործիչներով, որոնց մասին շատ քիչ բան գրուած ու խօսուած է, սակայն անոնց կատարած գործն ու այդ գործին թողած աւանդը զիրենք դարձուցած է մեր ժողովուրդի կողմէ մի՛շտ յարգալից ու սիրելի: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել Զէյթուն ծնած ու Զէյթունի ջարդերէն մազապուրծ ազատած, Պուլկարիա փոխադրուած, ուսումը ստանալէ ետք Փլովտիվ քաղաքին մէջ ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած այս հայ մարդուն ու գաղափարական տիպարին ունեցած ներդրումը մեր հայ կեանքին մէջ, որ հետագային պիտի հաստատուէր Լիբանան, պիտի դառնար Նիկոլ Աղբալեանի սերտ գործակից եւ ամէն օր Շթորայէն Այնճար գալով, պիտի հիմնէր Այնճարի թիթեղաշէն վարժարանը` հետագային զայն դարձնելով ամուր կառոյց եւ դառնար անոր առաջին տնօրէնը:
Գրիգոր Գուտուլեանին անունը կ՛առանձնանայ նաեւ 1954-55 տարիներուն հայ կեանքի խռովայոյզ հանգրուանին, երջանկայիշատակ Խորէն, Զարեհ կաթողիկոսներուն, Ատուր Գապաքեանի հետ իր սերտ համագործակցութեամբ ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռի անկախութեան ու գերիշխանութեան համար մղուած պայքարին հետ: Դժբախտաբար իր հարազատներն ալ շատ բան չունին աւելցնելիք այս մեծ հայուն ու գաղափարական գործիչի կեանքին ու գործունէութեան մասին: Բայց ո՞վ է ըսած, որ կենսագրութիւնները տողերով կ՛իմաստաւորուին: Գրիգոր Գուտուլեանի կեանքը կենարար գործով, գաղափարական խոր ըմբռնումներով ու նաեւ հայութեան ու անոր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման պայքարով յատկանշուեցաւ ու իբրեւ այդպիսին` անոր անունը արժանաւորապէս հանգչեցաւ մեծերու պատուանդանին վրայ:
Այսօր Այնճար հայաւանը իր մեծով ու պզտիկով կը խոնարհի այս մեծ հայու մեծ վաստակին դիմաց, երբ համաճարակի, հիւանդութեանց, սովի ու աղքատութեան ծանր պայմաններուն մէջ հայ մարդը կ՛ունենայ քաջութիւնն ու գիտակցութիւնը` դպրոց հաստատելու եւ հաւաքականութեան հայկական նկարագիրը փրկելու:
Գրիգոր Գուտուլեան կ՛աշխատակցէր «Ազդակ»-ին ու Շթորայի ու Այնճարի աշխուժ հաւաքական կեանքի մասին իր կատարած թղթակցութիւններով եւ այդ թղթակցութիւններուն մէջ տեղ գտած իր պատգամներով հայ մշակոյթի, գիր ու գրականութեան նկատմամբ հաւատք ու վստահութիւն կը ներշնչէր ժողովուրդին: Հայութեան արժեհամակարգը իրեն համար սրբութիւն էր, եւ այդ համոզումով նաեւ շեշտը կը դնէր հայ ընտանիքի ու հայ մօր գլխագիր դերին վրայ: Գուտուլեան կը հաստատէր, որ հայ մայրը նորահաս սերունդին մէջ պատուով ու յանձնառութեամբ կը դարբնէ հայրենիքի հանդէպ սէրն ու հպարտանքը, իր բառերով` «Սերունդը պէտք է լաւ ճանչնայ զինք ծնող ցեղը, յարգանքի զգացում ունենայ իր նախահայրերուն հանդէպ, եւ ապա սէր ու նուիրում` իր ազգին ու հայրենիքին»:
Այս առիթով արժէ անդրադառնալ նաեւ Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի 79-ամեայ երթին, որ միշտ ալ դարձաւ այս գիւղին նկարագիր տուող, գիւղի կեանքը շարժման մէջ պահող եւ մարդուժի պատրաստութեան եզակի հնոց մը: Թող ինքնագովութիւն չթուի այն հաստատումը, երբ ըսենք Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր ճառագայթող ներկայութիւն դարձաւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Չկա՛յ հայկական վարժարան մը, որ վայելէ ամբողջ գիւղի կամ քաղաքի մը համընդհանուր սէրն ու գուրգուրանքը ու դառնայ այդ գիւղին ու համայնքին դիմագիծ տուող հաստատութիւն: Եզակի է այս վարժարանին էութիւնը սերունդներու կազմաւորման մէջ իր ունեցած նշանակալից դերակատարութեամբ` հայ գրականութեան ու մշակոյթի սպասաւորներու, գիտական անուանի ու տաղանդաւոր մասնագէտներու, ակադեմական միջազգային համբաւի տիրացած անհատներու, ազգային հասարակական գործիչներու, եկեղեցական ծառայողներու, ինչպէս նաեւ հայութեան պայքարին համար գաղափարական նուիրեալներ պատրաստելու առաքելութեան մէջ: Այսօր ան հպարտօրէն կը կանգնի գիւղի գագաթը ու կը պատգամէ բոլորին, որ ինք տէ՛րն է իր նորօրեայ առաքելութեան ու արթուն պահակը` գիւղի հայկական ու գաղափարական դիմագիծի անաղարտ պահպանման:
Այս առաքելութեան բարեյաջող ընթացքին մէջ մեծ է դերը` անցնող 79 տարիներուն այս հաստատութիւնը ղեկավարած տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, հոգաբարձութիւններուն, խնամակալութեանց, թաղականութեանց, արժանապատիւ քահանայ հայրերուն եւ, վերջապէս, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, որոնք իրենց կարելին ի գործ դրած են այս հաստատութեան երթի հեզասահ ընթացքին համար:
Յարգա՛նք տնօրէն Նարեկ քհնյ. Շիրիկեանին, որ մինչեւ իր մահը այս դպրոցի կեանքով, դժուարութիւններով ապրեցաւ ու անոր նուիրագործումներով հպարտացաւ եւ մնաց միշտ աջակից ու զօրակից: Այս դպրոցի կամարներուն վրայ կը սաւառնի հայ ժողովուրդի ազնուագոյն զաւակներէն ու նուիրեալ գործիչ ու վարժարանի տնօրէն Սարգիս Զէյթլեանի շուքն ու հովանին եւ այդ շունչով կը շարունակեն դաստիարակուիլ իրերայաջորդ սերունդներ: Եւ յաջորդաբար` Յովհաննէս Գարագաշեան, Մովսէս Այնթէպլեան, տոքթ. Գասպար Թաշճեան, Յարութիւն Մանճեան, տնօրէն խորհուրդի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, Սարգիս Տէր Խաչատուրեան, Հրակ Սթանպուլեան, Հայկ Տէր Պետրոսեան, Սահակ Անտէքեան, պատուով ու յանձնառութեամբ շարունակեցին մեծերուն գործը ու երաշխաւորեցին այս կրթական օճախի գոյերթը:
Վերջապէս, այսօր հպարտ է նորէն այնճարցին, որովհետեւ իր փայփայած հաստատութիւնը, իր արձանագրած պատուաբեր արդիւնքներով ու հայ մշակոյթի, գրականութեան, հասարակական կեանքին իր տուած խոստմնալից ու պատկառելի սերունդներով, ինչպէս նաեւ գիտական ու արհեստագիտական աշխարհին մէջ նշանակալից այլ իրագործումներով հպարտութիւն կը ներշնչէ գիւղին ու կը պատրաստէ հայ գիրի, գրականութեան ու մշակոյթի երկրպագուներ, գործիչներ, ինչպէս նաեւ` ուսումնապէս համալսարանական յաջող թեկնածուներ: Այսօր այս հնոցը կը գործէ գիւղի արժանաւոր զաւակ եւ հակադաշնակցական պայքարի նահատակ Զաւէն Թաշճեանի գաղափարական ու մշակութային աւանդը իր մէջ արմատացուցած Արմէն Թաշճեանի ղեկավարութեամբ ու անոր շուրջ համախմբուած նուիրեալ ուսուցիչներով եւ մանկավարժներով: Այո՛, վարժարանը կը շնչէ իր պատմութեամբ ու կը կերտէ այդ պատմութեան նորը ու կ՛ապահովէ շարունակականութիւնը:
Գրիգոր Գուտուլեանին կատարած գործը օրհնեալ էր, եւ այդ օրհնութիւնը տարածուեցաւ մինչեւ այսօր, ու ահաւասիկ հաւաքուած ենք ոչ թէ անցեալը փառաբանելու, այլ` ապագային համար մեր ուխտը վերանորոգելու:
Ապրի՛ Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիլպէնկեան երկրորդական վարժարանը, վարձքը կատա՛ր Գրիգոր Գուտուլեանին եւ անոր գործն ու պարտականութիւնը ժառանգած բոլոր նուիրեալներուն:




