Լուրերու Արխիվ

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական մարմինին, ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2019-ին «Ս. Զէյթլեան»  կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Այնճար 1939-2019. Մուսա Լերան վերակառուցում  Լիբանանի մէջ» խորագիրով Այնճար քաղաքի ճարտարապետական ուսումնասիրութիւն եւ վաւերագրում:

Բացման խօսքով Մարինէ Գարայեան ըսաւ, որ 80 տարիներ առաջ մուսալեռցի գաղթական ժողովուրդը տաժանելի եւ ծանր պայմաններու մէջ հաստատուեցաւ Պեքաայի դաշտին մէջ գտնուող Այնճար տափաստանը, որ ֆրանսական կառավարութեան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ կարգ մը մեծահարուստ հայերու օժանդակութեամբ սեփականութիւն դարձաւ Ալեքսանտրեթի հայ գաղթականներուն: Ապա ան ներկայացուց կենսագրութիւնը երկու ճարտարապետներուն` Վարդավառ Ժաքլեան` ճարտարապետ եւ լուսանկարիչ, Յովսէփ Պապոյեան` ճարտարապետ եւ բեմադրիչ, որոնք միասնաբար 3 տարի աշխատեցան` դիմագրաւելով տարբեր տեսակի խոչընդոտներ եւ առիթ ընծայեցին բոլորին Այնճարը ընկալելու մասնագիտական ճարտարապետական դիտանկիւնէ «Այնճար 1939-2019. Մուսա Լերան վերակառուցում  Լիբանանի մէջ» խորագիրով Այնճարի քաղաքի ճարտարապետական ուսումնասիրութեամբ:

Ապա Վարդավառ Ժաքլեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ծրագիրի հիմնական բաժինները` լուսանկարչական ճարտարապետական ուսումնասիրութեան, խտասալիկի ընկերակցութեամբ: Ան ըսաւ, որ այս ծրագիրը ունի երկու հիմնական դրդապատճառներ. առաջինը երկուքին մասնագիտութիւնները (լուսանկարչական եւ նկարահանման) միասին գործածելով զանազան նոր ծրագիրներու շարքի մը սկսիլն էր, եւ այս շարքի առաջին ծրագիրը  «Այնճար 1939-2019. Մուսա Լերան վերակառուցում  Լիբանանի մէջ» խորագիրով ուսումնասիրութիւնն էր, իսկ Այնճարով սկսելու պատճառը այն է, որ շրջանը իւրայատուկ ճարտարապետական իրականութիւն մըն է եւ կը  կոչուի  «Նիւ թաուն» Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ երկրորդ պատճառը Այնճար հասած գաղթականներու հարցի լուծումն է, որ իրագործուեցաւ շատ լաւ կերպով, եւ գիւղը որակաւոր պատկերով կը ներկայանայ այսօր, ինչ որ միջազգային գետնի վրայ եւս կարեւոր նուաճում է: Վարդավառ Ժաքլեան այս առիթով յիշեց այս նուաճումին մէջ կուսակցութեան ճիգը, որ ճարտարապետական գետնի վրայ նաեւ օրինակելի է»:

Այնուհետեւ, Յովսէփ Պապոյեան ներկայացուց ժապաւէնի բովանդակութիւնը, ուր կան չորս հիմնական բաժիններ` առաջինը պատմական լուսանկարներ, երկրորդը հարցազրոյցներ, որոնց ընդմէջէն անձնական վկայութիւններ տրուած են, երրորդ` ճարտարապետական ուսումնասիրութիւններ, չորրորդ` քաղաքի հաստատագիրի  լուծումներ, որոնք նկարահանուած են տրոնի միջոցաւ:

Խօսքերէն ետք ցուցադրուցեաւ անոնց պատրաստած ժապաւէնը: Ապա Յովսէփ Պապոյեան եւ Վարդավառ Ժաքլեան յայտնեցին, թէ այս ծրագիրը պիտի վերածուի գիրքի, որ տարեվերջին պիտի հրատարակուի «HATJE CANTZ» հրատարակչատան խմբագրութեամբ:

Աւարտին, յանուն Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին, մարմինի նախագահ Վարուժան արք. Հերկելեան յուշանուէրով մը պատուեց ճարտարապետները: Անկէ ետք ներկաները առիթ ունեցան  դիտելու ճարտարապետական նկարչական  ցուցահանդէսը:

?>