Հովանաւորութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի Մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին, Կիրակի 17 Նոյեմբեր 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի մարզամշակութային տան մէջ տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի սկաուտական պաշտօնական վերամուտը :
Յայտագիրը ընթացք առաւ սկաուտական խումբերու տողանցքով, ու դրօշակի արարողութեամբ:
Որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտներուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց քոյր Արաքս Խօշեան ողջունելով ներկաները, եւ մաղթեց բոլորին 2019-2020 տարեշրջանը ըլլայ բեղուն գործունէութեամբ եւ յաջողութիւններով լի տարի մը, համայն Հ.Մ.Ը.Մ-ի ընտանիքին համար:
Ապա տեղի ունեցաւ սկաուտական խումբերու փոխանցումները, եւ յատուկ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: