Կիրակի 8 Մարտ 2020-ին, «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ազգիս նահատակ ընկ. Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին:
Ապա ներկաները ուղղուեցան Այնճարի գերեզմանատուն ուր հոն եւս Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նահատակ ընկերոջ շիրիմին կողքին, Հ.Յ.Դ Լ.Ե.Մ․-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի ընկերներուն «Վէրքերով լի»ի երգեցողութեամբ։
Աւարտին Ս. Զէյթլեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեսուրճի հաւաք ընտանեկան պարագաներուն եւ ընկերներուն ներկայութեամբ։













