Կասկածէ վեր է, որ Այնճար հայաւանը պատմութեան ընթացքին կուտակած է հարուստ կենսափորձ՝ ճգնաժամային պահերուն ցուցաբերելու օրինակելի կազմակերպուածութիւն եւ հաւաքական աշխատանքի պատրաստակամութիւն։ Գիւղի փառապանծ պատմութիւնն ալ կերտուած է շնորհիւ այդ անանձնական նուիրեալ աշխատանքին, որուն մասնակից դարձած են իրերայաջորդ սերունդներ։ Դաստիարակութիւնը փոխանցուած է կենդանի գործով ու անձի նուիրեալ օրինակով։ Շրջանի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն միշտ ալ ցուցաբերած է զգաստութիւն եւ արթնամտութիւն ու գիւղի պաշտպանութիւնը, զարգացումը եւ մարտահրաւէրներու դիմագրաւումը դարձուցած հիմնական առաջադրանք։ Այսօր, պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ եւ հայկական այս միջնաբերդը պաշտպանուած է ու աշխատանքները կը տարուին կազմակերպ ու հետեւողական ընթացքով։ Մաղթենք, որ հանգրուանը բոլորս միասին անցընենք անփորձանք եւ ապահով։ «Քորոնա» Ժահրի վտանգը պիտի հեռացնենք հաւաքական պատասխանատուութեամբ։ Վարձքը կատա՛ր բոլորին։
Յակոբ Գ. Հաւաթեան