Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիներու ընթացքին եւ դժնդակ պայմաններու տակ սփիւռքի մէջ ստեղծուեցան Մուսալեռցիական փոքր համախմբումներ՝ ապագային վերածուելու համար Մուսա լերան հայրենակցական միութիւններու:
Այնճարէն մեկնած ու սփիւռքի այլազան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր հարազատները տարիներու ընթացքին՝ զանազան առիթներով ու բազմիցս հաստատեցին թէ իրենց սրտերը ուժգնօրէն կը տրոփեն Այնճարի գոյատեւման, պահպանութեան ու բարգաւաճման համար:
Ամբողջ քառասունհինգ տարիներ Այնճարը իր հոգիին մէջ պահած ամէն մէկ Մուսալեռցի ու Այնճարցի հաւաքական թէ անհատական մակարդակներով ինքնիրէն պարտք նկատեց անվերապահօրէն վերցնել իր պատասխանատուութիւնը իր սեփական օճախին նկատմամբ:
Այս գիտակցութեամբ էր որ ծնունդ առաւ «Միասին Այնճարի Համար» ազնիւ գաղափարը հաւաքաբար տէր կանգնելու ու բարձր պահելու մեր բոլորին ամէն բանէ վերը, մեր ամէն բանէ վեր՝ Մեր Արժանապատուութիւնը:
Ձեր վարձքը կատար հեռաւոր ու մօտաւոր Մուսալեռցիներ. Ծանօթ ու անծանօթ աշխարհասփիւռ բարեգործներ: Դուք անգամ մը եւս փաստը տուիք թէ Այնճարը, որ աշխարհագրականօրէն կրնայ հեռակայ տարածք նկատուիլ, ձեզի համար կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ ձեր ու մեր պարիսպներով շրջապատուած հարազատ ու հայաբորբ միջնաբերդ: Նիւթական ձեր զօրակցութիւնը իր մէջ ունի բարոյական եւ իմացական պատգամ:
Ինչպէս որ այս գումարները հաւաքական ու զանգուածային ճիգերով կը գոյանան, նոյնպէս անոնք պիտի ծառայեն մեր գիւղի միասնական ու հասարակական կեանքի վերելքին, միշտ շոյելով մեր կարիքաւորներու վարկն ու զգացումները:
Ապրիք, հազար Ապրիք:
Թող ձեր երդիքներէն անպակաս ըլլայ կեանքի ու կենսուրախութեան ծուխը:
Թող ամէն մէկ հայ օճախէ հնչէ մանուկի ճիչն ու Մեսրոպատառ Տէր Ողորմեան:
Ձեր բոլորին վարձքը կատար:
«Աստուծ ձիր խայիր ու խընտաում շատցնի»
Յարգանքներով Այնճարի քաղաքապետ՝
Վարդգէս Խօշեան
29 Մայիս,2020