Հարաւային Քորիայի Դեսպանատան աջակցութեամբ , եւ գործակցաբար FAO-ի AFDC-ի եւ LRI-ի գարնան սկսած ծառամշակման եւ գիւղի ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքները Թագաժահրի (COVID-19)-ի տարածման պատճառով ընդհատուեցան:
Ներկայիս սոյն աշխատանքը վերսկսուեցաւ առաջին հանգրուանով գիւղի փողոցներու եւ հրապարակներու մաքրութեան աշխատանքին եւ գալիք օրերուն անոնք պիտի անցնին պարտէզներու եւ արուներու մաքրարշաւին, երիտասարդները բաժնուելով չորս տարբեր խմբակներու օրական հինգ ժամի դրութեամբ աշխատանքը կ՝ընթանայ:
Բոլորին վարձքը կատար:
Կը խնդրենք մեր Այնճարաբնակ հայրենակիցներէն, որ գիւղի մաքրութեան յաւելեալ հոգ տանին մնայուն կերպով: