Կիրակի 19 Յուլիս 2020ին կազմակերպութեամբ «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ
Թաղական Խորհուրդին եւ
Վարդավառի տօնի յանձնախումբին, «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ
պաշտօնական ընդունելութիւնը Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. ՎՐԴ. Գուճանեանին, ինչպէս նաեւ նշուեցաւ
Մուսա Լերան հրաժեշտի օրն ու Վարդավառը։
«Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուցեց Հոգեշնորհ Տ. Տաճատ վրդ. Աշգեան։
Ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարդավառի տօնախմբութիւնը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տիկ. Վարդուհի Գապագեանը ու ըսաւ. «Վարդավառի տօնը Այնճարի համար իւրայատուկ տօն է։ 81 տարիներ առաջ, այս առաւօտ, մեր ժողովուրդը հրաժեշտ տուաւ Ճէպէլ Մուսա տարածաշրջանի եւ գալով հաստատուեցաւ Այնճար, Լիբանան։ Հակառակ թագաժահրի եւ երկրի դժուար պայմաններուն, փառք կու տանք Աստուծոյ որ այս տարի եւս համախմբուած կը տօնենք այս տաղավար»։
Բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ Նշանօրհնէք եւ աղաւնի թռցնել. Որմէ ետք Վարդավառի Խորհուրդն ու սրտի խօսքը փոխանցեց Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան, ըսելով. 《Թագաժահրը ժողովուրդիս մէջ արթնցուց հաւատքը, ընտանեկան սէրն ու սրբութիւնը, կրկին անգամ արթնցուց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ իրար սիրելու, իրար հետ ապրելու, խորհելու, ուրախանալու եւ տխրելու գեղեցիկ պահերը։ Այո, վտանգ է, բոլորս զգուշ պէտք է ըլլանք. բայց երբ մեր մէջ կայ այլակերպութեան այդ գեղեցիկ յոյսը Յիսուս Քրիստոսի, կապուածութիւնը մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ, մենք վստահաբար այն ժողովուրդն ենք որ ոչ թէ կը յուսահատինք, այլ յուսահատութեան մէջ եւս կ'ապահովենք այդ այլակերպութեան լոյսի ճանապարհով կ'առաջնորդուինք դէպի նոր կեանք, զօրութիւնը եւ հաւատք》։ Ան նաեւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մուսալերան հրաժեշտի գեղեցիկ յիշատակին ու ըսաւ. 《Այդ հրաժեշտով Մուսալեռցիք չկորսնցուցին իրենց ազգայինութիւնը, մնացին Մուսալեռցիք, կերտեցին, շինեցին, պայծառացուցին եւ ահաւասիկ մենք այսօր այդ հրաժեշտի քաղցրութիւնն է որ կը վայելենք։》
Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. 《ինծի համար հպարտութիւն է, ոչ թէ որովհետեւ Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ նշանակուեցայ, այլ անոր համար որ որպէս Մուսալեռցի եւ Այնճարցի պիտի կրնամ նաեւ այդ տեսչութեան ճամբով իմ որդիական երախտագիտական լումաս զետեղել այս շրջանի զաւակներուն, երիտասարդներուն, տարեցներուն եւ բոլորին》։
Պատգամէն ետք «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց շարք մը աւանդական երգեր (լուսամուտին կարմիր խնձոր շարել եմ, կարմիր Ֆիստան, Մուսա Լերան գիւղերէն)։
Յայտագրի ընթացքին տեղի ունեցաւ Մուսա Լեռէն ելքի պատմութեան ականատեսի վկայութիւն Տիար Մարտիրոս Սնապեանի կողմէ, որ ներկայացուց իր դուստրը՝ Տիկ. Արբա Սնապեան֊Անտոնեանը։
Ապա ներկայ պատանիները խաղցան տարբեր տեսակի Խաղեր (ձմեռուկ հարուածել, պարան քաշել, պարան ցատկել...), որուն յաջորդեց ջրախաղը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ (Խորոված խնձոր, զըլըպըք-զնպիւլ...)։