Յայտարարութիւն
Սիրելի հայրենակիցներ
Կարեւորութեամբ կը յայտնենք ձեզի թէ թագաժահր (Corona Virus) համաճարակը չէ աւարտած ։ Լրջութեամբ պէտք է նկատի առնուի այս պարագան։ Նախապէս թելադրուած նախըզգոյշական քայլերուն պէտք է դիմել ինչպէս ֆիզիքական հեռաւորութիւնը, անձնական ֆիզիքական մաքրութիւնը,դիմակներ գործածելը, ընկերային հաւաքները կրճատել եւ ամփոփելը։
Դարձեալ կը դիմենք ձեր գիտակցութեան։
Զգոյշ ըլլանք, առողջ մնանք։