Հակառակ մեր կատարած քանիցս յայտարարութեանց թելադրեցինք որ դիմէք նախազգուշական քայլերու, սակայն 7 Օգոստոս 2020ի առաւօտուն Այնճարաբնակ երիտասարդ հայրենակից մը հետ կարճատեւ բժշկական նախանշաններուն PCR-ի քննութեան արդիւնքը ելաւ դրական եւ հայրենակիցը հաստատօրէն կը կրէ Corona Virus-ը: Սոյն հայրենակիցը անմիջապէս փոխադրուեցաւ Պէքաայի պետական հիւանդանոց ուր ստանալէ ետք պէտք եղած բժշկական դարմանումները բարեբախտաբար դուրս եկաւ ուր իր առողջական վիճակը կայուն է. ինք եւ իր մօտիկ անմիջական շրջանակն ու ազգականները կը գտնուին մեկուսացումի վիճակի մէջ:
Սիրելիներ՝ անտարբերութիւնն ու անփութութիւնը եւ անհոգութիւնը մեզի կրնայ աւելի վտանգաւոր կացութեան մատնել չնայած որ ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ վարակուածներուն թիւը ժամ առ ժամ արագընթաց վիճակ կ'արձանագրէ եւ բոլորս գիտենք այս օրերուն Լիբանանի հիւանդանոցներուն իրավիճակը որոնցմէ նշանաւորները արդէն իսկ չեն գործեր:
Ուստի մեր խստագոյն պահանջքն է որ ԱՆՊԱՅՄԱՆՕՐԷՆ կատարէք ամէն տեսակի խիստ նախազգուշական միջոցառումները.
-Պահել ֆիզիքական հեռաւորութիւնն ու մաքրութիւնը.
-Նուազագոյնի իջեցնել օտար շրջանակներու հետ յարաբերութիւնը.
-Անհրաժեշտօրէն գործածէք դիմակ եւ ձեռնոց.
- Սահմանափակէք ընկերային հաւաքները.
-Անհրաժեշտութեան պարագային միայն խանութները այցելէք եւ խճողում չստեղծէք:
Առ այդ, հաւաքական գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան ժամը արդէն շատոնց հնչած է, ներկայիս պահանջուածը գործադրութիւնն է միայն: Այլապէս քաղաքապետութեան հետ միասին պիտի ստիպուինք դիմելու գործնական քայլերու:
Յոյսով ենք, որ ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ կը դիմագրաւէք այս կացութիւնը:
11 Օգոստոս 2020
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէ