Լուրերու Արխիվ

6 Հոկտեմբեր 2020-ին, հիւսիսային Արցախի ազատագրական մարտերու ընթացքին՝ հերոսական մահով նահատակուեցաւ մեր գիւղի արժանաւոր զաւակներէն, հայ հոգեւոր –դասական եւ հայրենասիրական երգերու մեկնաբան, նուիրեալ ուսուցիչ եւ գաղափարի ուխտաւոր ՝ դաշնակցական ընկեր Գէորգ Հաճեանը: Իր մեկնաբանած երգերու խորհուրդին գործնական թարգմանը հանդիսանալով՝ ան արժանացաւ նահատակութեան դափնեպսակին:
Հաւատարիմ Մուսալերան հերոսամարտի ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայ դատի եւ լիբանանահայ գաղութի ինքնապաշտպանութեան Մուսալեռցի նահատակներու ուղիին,Գէորգ Հաճեանը անքատելի մասն է ազատագրական մեր Յարատեւ Կռուի տիպար օրինակներու:
7 Հոկտեմբեր 2020
Հ.Յ.Դ. « Կարմիր Լեռ» Կոմիտէ 

121029548_6072264439482075_5542603849188083952_n.jpg

?>