Ուրբաթ 25 Դեկտեմբեր 2020-ին, Այնճարի Հայ Կաթողիկէ համայնքը հակառակ տիրող կացութեան նշեց Սուրբ Ծննդեան տօնը, «Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր» եկեղեցւոյ մէջ:
Արդարեւ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն, սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին Ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ Թօփալեան իր քարոզին մէջէն փոխանցեց ներկաներուն ծնունդի խորհուրդը մաղթելով բոլորին առողջութիւն, խաղաղութիւն, արեւշատութիւն եւ բարեբեր տարի մը:
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,
Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս: