Լուրերու Արխիվ
Սիրելի հայրենակիցներ
Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթով ընդունեցէք մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները.
Յուսանք 2021ը ըլլայ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը։
Բայց ինչքան ալ լաւատես ըլլանք այնպէս կը թուի որ Քորոնա ժահրի տարածումն ու վտանգը լուրջ մտահոգութեան առարկայ են։
Մենք շուտով մեր արտակարգ ժողովի որոշումները պիտի փոխանցենք ձեզի ակնկալներով, որ սարսափելի այս երեւոյթին ի տես, առաւելագոյն չափով պիտի գործակցիք մեզի հետ։
Տօնական օրերը իրենց հետ բերին Քորոնա ժահրի նոր ալիք մը։
Վարակուածներու շարքին են պրն. Քաղաքապետը, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Ժանօ փամպուքեանն ու տիկինը, ինչպես նաեւ անձնակազմէն՝ տիկին Մարի Մարաշլեան։
Բարի ապաքինում կը մաղթենք բոլորին։
յարգանքներով՝ Այնճարի 《Քորոնա》ի Ճգնաժամի Յանձնախումբ
?>