Չորեքշաբթի 6 Յունուար 2021ին, Այնճարի Հայ Առաքելական համայնքը նշեց Սուրբ Ծննդեան տօնը, «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ:
Արդարեւ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան քարոզեց ներկաներուն Սուրբ ծննդեան խորհուրդին մասին, եւ մաղթեց որ Յիսուս քրիստոսի ծնունդը գիւղիս հայրենակիցներներուն ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ազգին առողջութեամբ, խաղաղութեամբ ինչպէս նաեւ բարեբեր տարի մը պարգեւէ. Ապա տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք եւ աւարտին եկեղեցական թափօր։
Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքն ալ նշեց Ս. Ծննդեան տօնը։ Եկեղեցւոյ մէջ Ներկայ էր հաւատացեալ ժողովուրդը , մասնակից դառնալու Սուրբ Ծննդեան պաշտամունքին որ կատարեց Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը եւ բոլորին ողջունեց Սուրբ բրկիչին գալուստով մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն կեանքի մէջ, խաղաղութիւն եւ արեւշատութիւն: