Ուրբաթ 5 Մարտ 2021ին,, ուր ան «Ս.Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս հիւրը եղաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին: Հանդիպման ընթացքին նախարարուհին իրազեկ դարձաւ Այնճարի մէջ տիրող կացութեան եւ բարձր գնահատեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Քաղաքապետութեան, ԼՕխ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ բոլոր մարմիններուն կատարած աշխատանքները գիւղէն ներս: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան գիւղը յուզող կարգ մը հարցեր՝ մանաւանդ Այնճարի մարզական հարցերու վերաբերեալ դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ կարծիքներու փոխանակումներ տեղի ունեցաւ թէ ինչպէս կարելի է իրագործել որոշ ծրագիրներ:
Ապա նախարարուհին այցելեց ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրը ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ Այնճար մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ եւ լսեց վարչութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, եւ իր կարգին ան խօստացաւ իր կարելին ընել բոլոր միջոցներով սատար հանդիսանալ ՀՄԸՄ-ի Այնճար մասնաճիւղի վերելքին: Հանդիպման աւարտին ՀՄԸՄ Այնճար մասնաճիւղի Վարչութիւնը պատուեց նախարարուհին յուշանուէրով մը:
Այցելեց նաեւ «Մուսալեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարան»ը , որմէ ետք ուղղուեցաւ քաղաքապետարան, ուր հիւրնկալուեցաւ Այնճարի քաղաքապետ՝ պրն. Վարդգէս Խօշեանի կողմէ ներկայութեամբ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն: Մուտքին հիւրասիրուեցաւ Այնճարի աւանդական աղ ու հացով:
Քաղաքապետարանին հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան գիւղը մտահոգող որոշ հարցեր : Աւարտին Այնճարի քաղաքապետը պատուեց տիկին նախարարուհին յատուկ յուշանուէրով մը:
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարուհի՝ տիկին Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը իր երախտագիտական խօսքը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն եւ մաղթեց որ շուտով շրջանցենք այս դժուարին օրերը շնորհիւ երիտասարդներու ամուռ կամքին :
Աւարտին ան մեկնեցաւ հիւրը ըլլալով Զահլէի համայնքի: